Ուասըլ Պաշտօնանկ Ըրաւ Մարատոնան

Տիեկօ Մարատոնա

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ֆութպոլի ակումբներէն Ուասել պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Տիեկօ Մարատոնան, խումբին արձանագրած ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներուն պատճառով:

Արժանթինցի հանրածանօթ ֆութպոլիստ, 51 տարեկան Մարատոնա, որ մայիս 2011-ին երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ուասելի հետ, ոչ մէկ իրագործում ըրաւ իր կազմին հետ:

Անոր այս ձախողութիւնը նկատի առնելով` ակումբին պատասխանատուները որոշեցին պաշտօնազրկել իբրեւ մարզիկ յաջողութիւն գտած, սակայն իբրեւ մարզիչ ձախողութիւններ արձանագրած Մարատոնան:

 

Share this Article
CATEGORIES