Լոնտոն-2012. Գերմանիա Ողիմպիականին Կը Մասնակցի 391 Մարզիկով
Գերմանիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախագահ Թոմաս Պախ իր կատարած պաշտօնական յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Գերմանիա Լոնտոն – 2012-ի ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի 391 մարզիկով կը յայտնէ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը:
«Ներկայիս Գերմանիոյ ողիմպիական հաւաքականը ամբողջութեամբ ի մի համախմբուած է: Զտումի մրցումներուն արձանագրուած արդիւնքները մեզի մեծ յոյս եւ հաւատք կը ներշնչեն` նախքան Լոնտոն մեկնիլը: Ունինք շատ լաւ խումբ, որ Անգլիոյ մէջ կրնայ պատմութիւն կերտել», ըստ Armsport.am կայքէջին նշեց Պախ:
CATEGORIES Մարզական


