Սերնդափոխութեան Հրամայականը Եւ… Անյարմար Դամբանականներ

ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

«Ամէն սերունդ նախ եւ առաջ մտածում է լռութեան մէջ,
Իսկ երբ խօսել է սկսում, բարկացնում է աւագներին…»:
Պ. ՍԵՒԱԿ

Մեր իրականութեան մէջ ընդունուած սովորութիւն է դամբանականներ արտասանելը. դամբանականներ, որոնք ընդհանրապէս կ՛արտասանուին ազգային¬հաւաքական աշխատանք վարած ողբացեալներուն վրայ: Հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՛ընեմ յաճախ, մանաւանդ երբ մօտէն կը ճանչնամ հանգուցեալը:

Բարեբախտաբար նախորդ քանի մը տարիներուն չեմ լսած նման դամբանականներ եւ յոյսով եմ, որ չլսեմ հետագային եւս… երկար կեանք ցանկալով մեր ազգին համար աշխատած բոլոր երէցներուն:

Կ՛ակնկալեմ, որ օր մը դամբանականներուն մէջ լսեմ իրապաշտ խօսք, գործնապաշտ մօտեցում: «Ծառայեց ազգին քսան տարիներ, ապա ապահովեց հեզասահ սերնդափոխութիւն. աշխատեցաւ քաջալերելու իր յաջորդները եւ անոնց սիրցնել ազգօգուտ աշխատանքը. հեռացաւ աշխատանքի դաշտէն` առիթ տալով նաեւ ուրիշներուն, բայց միշտ մնաց քաջալերող եւ հսկող. իր շուքով եւ պատկառելի անհատականութեամբ (եւ կամ համեստ) գործի մղեց երիտասարդները…»: Լսա՞ծ էք նման դամբանականներ:

Կը լսենք ուրիշներ. «Ծառայեց ազգին քառասունհինգ երկար տարիներ եւ անսակարկ նուիրումով օրինակ դարձաւ ապագայ սերունդներուն…» (որոնք արդէն չկան, որովհետեւ հանգուցեալը 45 տարի կառչած մնալով իր դիրքին` փախցուցած էր բոլորը): «Կը վայելէր բոլորին յարգանքը…» (երեւութապէս, որովհետեւ բոլորը ներքուստ կը փափաքէին իր մեկնումը, որպէսզի կարելի ըլլար վերաշխուժացնել աշխատանքը): «Մեզմէ բաժնուեցաւ, երբ տակաւին կը գտնուէր պատնէշի վրայ…» (չըսելու համար` արգիլող պատնէշ դառնալով բոլոր աշխատանքներուն): «… Եւ երկար ատեն տակաւին պիտի յիշենք զինք…» (որովհետեւ երկար ատեն պիտի պայքարինք իր քանդածը շտկելու համար):

Որքան յարգելի եւ սիրելի են այն երէցները, որոնք մեր ձեռքերէն բռնած` առաջնորդեցին մեզ դէպի մեր միութիւնները, սորվեցուցին անսակարկօրէն աշխատիլ եւ անշահախնդրօրէն նուիրուիլ… աշխատանքի դաշտը ձգելով իրենց պատրաստած սերունդին, գոհունակութեամբ դիտելով եւ հրճուելով:

Սերունդներու միջեւ գործելաձեւի եւ աշխատանքի տրամաբանութեան բացը մեր ժամանակին յատուկ ախտ չէ, այլ` որեւէ հաւաքականութեան մէջ առկայ երեւոյթ: Երբ երէցները կրտսերներուն հանդէպ անվստահութենէն մեկնելով` կը շարունակեն սանձերը իրենց ձեռքերուն մէջ պահել, իսկ կրտսերները երէցներուն փառամոլութենէն եւ անոնց հին սկզբունքներուն կառչած մնալու յամառութենէն վշտացած` կը հեռանան, նորերը կը դրուին իրենց ուշացող կարգին սպասելու կացութեան մէջ, անիկա յաճախ կու գայ ուռուցիկ դամբանականէ մը եւ թաց աչքերէ ետք միայն…

Ո՞վ պիտի կամրջէ մեր սերունդները:

Ո՞վ պիտի թելադրէ մեր երիտասարդներուն` յարգել երէցները, փորձել սորվիլ անոնց փորձառութենէն եւ չանտեսել անոնց վաստակը:

Ո՞վ պիտի թելադրէ մեր երէցներուն` յարգել երիտասարդներուն ձգտումները, օգտուիլ անոնց ներուժէն, չշահագործել իրենց վաստակը եւ ընդունիլ կեանքի ու գործի փոխանցման սկզբունքը:

Դժուար չէ հասկնալ բոլորին հոգեբանական վիճակը: Երիտասարդինը այն է, որ աշխուժ եւ իրագործումի տենչէն մղուած` կ՛ուզէ ինքզինք փաստել ու հաստատել շրջանակին մէջ: Իսկ երէցը կը փորձէ վերջալոյսի արեւին պէս շողեր արձակել` վերջին առիթը բաց չթողելով…

Արդեօք կարելի չէ՞ մեր յարաբերական կարողութիւններն ու ձիրքերը օգտագործել ամէն տեղ, ամէն շրջանի եւ ամէն գաղութի մէջ, երկխօսութիւն հաստատել մեր երէցներուն հետ, բացատրել իրենց մեր ձգտումները, վստահութիւն ներշնչել իրենց` փորձելով հասկնալ նաեւ իրենց ցաւերը եւ մտահոգութիւնները, թերեւս երբեմն նեղացնելով ու վշտացնելով, սակայն նաեւ` ներողութիւն խնդրելով եւ կրկին ու աւելի յարգանք ցուցաբերելով իրենց հանդէպ:

Մեր անձնական կեանքի եւ գործի խնդիրները լուծելու համար կը լարենք մեր բոլոր ուժերն ու կարողութիւնները եւ յաճախ կը հասնինք մեր յուսացած արդիւնքին: Արդեօք չ՛ա՞րժեր լարել մեր ուժերը, նաեւ մեր հաւաքական կեանքի վերելքին համար եւ փորձ մը ընել իւրաքանչիւրս անձամբ կամուրջներ նետելու երէց, ինչպէս նաեւ կրտսեր սերունդներուն ուղղութեամբ` փորձելով քանդել հոգեբանական պատնէշները, որոնք կը խափանեն մեր հաւաքականութեան բնական եւ լիարժէք զարգացումը:

Եւ ինչո՞ւ չըլլանք արդար մեր երէցներուն նկատմամբ… Եւ իրենց մեկնումին սպասելու փոխարէն` աղօթենք իրենց երկարակեցութեան համար եւ ցոյց տանք, որ երբ առիթը ընծայուած է հայ երիտասարդին, ան միշտ ալ գտնուած է պատասխանատուութեան բարձունքին վրայ` թէ՛ անձնական եւ թէ՛ հաւաքական իր կեանքին մէջ:

 

Գահիրէ

 

Share this Article
CATEGORIES