Լրագրողներու Վերապատրաստութեան Դասընթացքներ. Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան – Հիմնարկին Մասին Զեկուցեց Հայկ Դեմոյեան

Երէկ` հինգշաբթի, 12 յուլիսին, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի լրագրողներու վերապատրաստութեան դասընթացքներուն ծիրին մէջ, սփիւռքի լրագրողները հետեւեցան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի քարտուղար Հայկ Դեմոյեանի զեկուցումին:

Դեմոյեան նշեց, որ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին գործունէութիւնը կ՛անհանգստացնէ թուրքերը, որոնք նաեւ կ՛այցելեն թանգարան: Ան ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին թրքական կողմը բաւական աշխուժ աշխատանք կը տանի եւ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ այդ առնչութեամբ:

Հայկ Դեմոյեան (Լուսանկարներըֆ Գաբրիէլ Փանոսեանի)

Ըստ Դեմոյեանի, թուրքերուն համար մղձաւանջ կը հանդիսանայ 100-ամեակը, եւ թերեւս անոնք անակնկալներ պատրաստած են մեզի համար: Հետեւաբար, պէտք է պատրաստ ըլլալ այդ մարտահրաւէրներուն: Դեմոյեան շեշտեց, որ թուրքերուն համար խոչընդոտ կը հանդիսանան երկու կէտեր: Առաջին` տեղեկատուական քարոզչական դաշտին մէջ հետաքրքրութիւնը կ՛աճի թանգարանին նկատմամբ, իսկ երկրորդ` թանգարանի բազմալեզու կայքէջը, որ ունի նաեւ թրքերէն բաժին: Օրական 300 թուրքեր կ՛այցելեն այս կայքէջը:

Դեմոյեան անդրադարձաւ նաեւ այն հանգամանքին, որ Թուրքիոյ կարեւորագոյն թիրախը պառակտում ստեղծելն է Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, հետեւաբար հայութիւնը պէտք է միասնակամ ըլլայ եւ հրաժարի այն փորձերէն, որոնք փոխադարձ հակամարտութիւն կը ստեղծեն:

Դեմոեան անդրադարձաւ նաեւ հայութեան բացթողումներուն: Ան նշեց, որ թրքերէն լեզուով կան միայն քանի մը կայքէջեր, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան մասին յօդուածներ կը տեղադրեն:

Եզրակացնելով իր խօսքը` Դեմոյեան ընդգծեց, որ 2015-ը աւարտ չէ, այլ շատ հաւանաբար նոր սկիզբ մը հանդիսանայ: Ան նշեց, որ տարբեր նախաձեռնութիւններ, ցուցահանդէսներ տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ երկիրներու մէջ 100-ամեակի առիթով:

Ճաշի դադարէն ետք լրագրողները այցելեցին Էրեբունի թանգարան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES