Ճատրակ. Ակումբներու Ախոյեանութիւն` Նասեր Պար Էլիաս Ակումբին Մէջ
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Նասեր Պար Էլիաս ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի արագ ճատրակի ակումբներու ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 18 ակումբներու (ընդհանուր 25-էն):
Առաջին դիրքը գրաւեց եւ տիտղոսին տիրացաւ Անսար` իր կատարած վեց մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելով եւ ապահովելով առաւելագոյն 18 կէտ: Անոր ետին 15 կէտով երկրորդ դիրքը գրաւեց նախկին Խորհրդային Միութեան համալսարանաւարտներու ակումբը, իսկ երրորդ դիրքը 13 կէտով` Լիբանանեան բանակի հաւաքականը: Երեք խումբեր` Ֆըրն Շըպպեք, Նասեր Պար Էլիաս եւ Ռիշատ Թրիփոլի, ապահովեցին 12-ական կէտ:
Այժմ ֆետերասիոնին յայտագիրին վրայ (տեղական իմաստով) կը մնայ միայն խմբային պարզ ախոյեանութիւնը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ նոյեմբերին:
Արագ ճատրակի մրցաշարքին աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատր, ընդհանուր քարտուղար Շեհատէ Ապու Նըմրի, ֆետերասիոնի անդամ Էլի Խէյրալլա եւ Նասեր Պար Էլիաս ակումբի պատասխանատուները:
Նշենք, որ մրցումներուն իրաւարարներն էին Ապու Նըմրի, Խէյրալլա, ինչպէս նաեւ Էլի Հուլիշեան:

