18 Յուլիսին Փութին – Էրտողան Հանդիպում

«Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ, ըստ Քրեմլինի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 18 յուլիսին հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, երբ վերջինս Ռուսիա այցելէ:

Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ներառեալ` Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած երկու երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի երրորդ ժողովի պատրաստութիւնը:

Քրեմլին աւելցուցած է, որ ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցութիւնը այդ հանդիպումին ընթացքին քննարկուելիք գլխաւոր նիւթերէն պիտի ըլլայ` նշելով, որ երկու կողմերը նաեւ շրջանային եւ միջազգային կարեւոր հարցերու, ներառեալ Սուրիոյ իրադարձութեանց շուրջ տեսակէտներ պիտի փոխանակեն:

Share this Article
CATEGORIES