Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը միացնող հասարակ յայտարարները շատ աւելի են, քան զանոնք իրարմէ բաժնող տուեալները:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած նստացոյցէն վնասուող վաճառականները որոշ ժամանակի համար փակեցին Նազիհ Պըզրիի անուան մայրուղին եւ խաղաղ նստացոյց մը կատարեցին` բարձրացնելով Ասիրի յայտարարած նստացոյցը դատապարտող կարգախօսներ: Քիչ ժամանակ անց անոնք վերջ տուին նստացոյցին եւ մայրուղին բացին:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ կը կարծէ, թէ շէյխ Ահմետ Ասիրի վիճակը կը ծառայէ իր շահերուն, սակայն ան չարաչար կը սխալի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմը ծրագրող եւ հովանաւորող կողմը նպատակադրած էր ճզմել Դիմադրութիւնը:

ԷՇՐԵՖԻԷԻ «Ֆենիսիա – Քուէյթ» դրամատունը զինեալներու կողմէ ենթարկուեցաւ գողութեան:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Հըզպալլա երբեք պիտի չարտօնէր, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը երկրին պետական պիւտճէէն յատկացուի:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ իրենք կ՛աշխատին այնպիսի ծրագիրի մը վրայ, որուն նպատակն է լուծել Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն  թղթածրարը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ զգուշացուց լիբանանեան բանակը հիւսիսային Լիբանանի սահմանին վրայ առանց քաղաքական հովանաւորութեան դիրքաւորելէ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու Ամմար Մուսաուի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը Իսրայէլի դէմ ընտրանք է եւ տակաւին անհրաժեշտ միջոց կը մնայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն էր, որ ձախողեցուցած էր 2006-ին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմին դաւադրութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ընդգծուեցաւ, որ 2006-ին Իսրայէլի պարտութիւնը ցնցած է բռնագրաւումին հիմքերը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքաայի շրջանի պատասխանատու Մոհամետ Եաղի յայտնեց, որ իրենք իրենց զէնքը վար պիտի չդնեն, այնքան ատեն որ Իսրայէլ բռնագրաւուած կը պահէ լիբանանեան հողերը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ քրիստոնեայ քաղաքական կողմերը ընտրական մէկ օրէնքի մը շուրջ համախմբուելու սեմին չեն գտնուիր:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ քրիստոնեայ համայնքը Լիբանանի մէջ պահելու համար անոր զաւակները պէտք է նկատի ունենալ պետական նշանակումներուն մէջ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման նպատակն է Լիբանանը միջազգային իր պարտաւորութիւններուն պատասխանատու պահել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES