Քուրայի Մասնակի Ընտրութիւններուն Նախօրեակին` Սուր Ընտրարաշաւ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել նախագահեց ապահովական կառոյցներու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան կիրակի, 15 յուլիսին Քուրայի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն ընթացքին որդեգրուելիք ապահովական միջոցառումները:
Շարպել յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը այդ ընտրութիւնները ապահովութեամբ աւարտելու նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները կատարած է:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Քուրայի մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները հիմնական են, եւ կոչ ուղղեց բոլորին խիտ շարքերով մասնակցելու ընտրութիւններուն:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ այդ ընտրութիւններուն համար Ծոցի երկիրները հսկայական գումարներ կը ծախսեն` ի նպաստ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածուին:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ժորժ Աթթալլա իր կարգին հաստատեց, որ Քուրայի մէջ կուսակցութիւնը պիտի զօրակցի Ղովմի կուսակցութեան թեկնածուին:
Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի Քուրայէն յայտարարեց, որ Քուրայի մասնակի ընտրութիւններուն առաջադրուած Ղովմի կուսակցութեան թեկնածուն պէտք է նկատել սուրիական վարչակարգը ներկայացնող թեկնածու մը:
Ան ըսաւ, որ Քուրայի ընտրութիւնները 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստութիւն կը նկատուին:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին կոչ ուղղեց Քուրայի մասնակի ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկելու ի նպաստ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուին` Ֆատի Քարամի:

