«Եթէ Պատերազմ Բռնկի, Ապա Ան Ամբողջ Շրջանը Պիտի Պարփակէ Կ՛Ըսէ Միշել Սմահա

Նախկին նախարար Միշել Սըմահա «Վանայ Ձայն»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա կատարած իր վերջին այցելութեան շրջագիծին մէջ հիմնականօրէն քննարկած է Սուրիոյ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Սմահա նշեց, որ Լիբանանի արդի պատմութեան ամէնէն նշանաւոր իրադարձութիւնը Դիմադրութեան հիմնադրութիւնն է` աւելցնելով, որ այսօր կը զուգադիպի Լիբանանի դէմ 2006-ին Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմին վեցամեակին, որուն ընթացքին Դիմադրութիւնը լիբանանցի ժողովուրդին ու լիբանանեան բանակին հետ գործակցեցաւ եւ արգիլեց Իսրայէլի նպատակներուն իրականացումը:

Սմահա շեշտեց, որ Լիբանանի համար այս օրը փառքի օր մըն է` նկատել տալով միաժամանակ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իրաւունք ունէր Իսրայէլի դէմ տարուած յաղթանակը աստուածային յաղթանակ կոչելու:

«Ինչպէս ամբողջ աշխարհը 2006-ին մեզի դէմ պատերազմ մղեց, այսօր ալ ան պատերազմ սանձազերծած է Սուրիոյ դէմ, միակ տարբերութեամբ, որ այսօր Ռուսիան շատ աւելի զօրաւոր է», ըսաւ ան:

Սմահա հարցազրոյցը եզրափակեց ըսելով, որ շրջանը վերածուած է այնպիսի հրաբուխի մը, որ կը պարունակէ տարբեր տեսակի պայթուցիկ նիւթեր եւ որեւէ սխալ գործուելու պարագային, պատերազմը միայն Սուրիոյ կամ Լիբանանի դէմ պիտի չըլլայ, այլ` ամբողջ շրջանին` Թուրքիայէն մինչեւ Աֆղանիստանի սահմանները:

«Սակայն, իմ կարծիքովս, նման պատերազմ մը պիտի չարձանագրուի, որովհետեւ կան շահեր, որոնք կը պարտադրեն կացութեան իր ներկայ վիճակին մէջ պահպանումը, իսկ աշխարհը չի կրնար հանդուրժել նման պատերազմ մը», ըսաւ Սմահա:

 

 

Share this Article
CATEGORIES