«Զօր. Աունի Հետ Մեր Դաշինքը Հաստատ Է Եւ Անքակտելի» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ տագնապը լուծելու:

Հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա շեշտած է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր դաշինքը հաստատ է եւ անքակտելի:

 

Share this Article
CATEGORIES