Նախարար Սապունճեան Կը Ստորագրէ «Լիրա» Ծրագիրին Եւ «Էլ. Այ. Եու.» Համալսարանին Միջեւ Համաձայնագիր Մը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ներկայութեամբ Գիտական հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդի նախագահ Մույին Համզէի ներկայացուցիչ Խալետ Մաքուքի, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի ներկայացուցիչ Զիատ Պաքտաշի, «Էլ. Այ. Եու.» համալսարանի նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատի եւ ճարտարարուեստի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաունի ստորագրեց պատշիրային համաձայնագիր մը:
Համաձայնագիրը առիթ կ՛ընծայէ համալսարանին գործակցելու գիտական հետազօտութիւններու ազգային խորհուրդին հետ:
Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ տարեկան վարկը 21 միլիառ լ. ոսկիի համազօր է եւ կը ներառէ յաւելուած արժէքի տուրքի գումարը, բացի պերճանքի կապուած տուրքերէն, օրինակ երբ մարդիկ փափաքին 35 հազար տոլարէն աւելի սուղ ինքնաշարժ մը գնել, ապա յաւելուած արժէքի տուրքը ինքնաբերաբար կ՛աւելնայ:
Սապունճեան աւելցուց, որ այդ տուրքերը պարտադրուած են գործադրելու համար կառավարութեան ներդրումային, ընկերային մարզի եւ ենթակառոյցի վերաբերող ծրագիրները:
Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման` Սապունճեան շեշտեց, որ այդ մէկը պիտի կատարուի 2012-ի պետական պիւտճէի ծրագիրէն անկախ:


