«ՊԱՐԵՑ ՍԻՓԱՆԸ… ՈՒ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ ԱՊՐԵՑԱՒ»
Ու բարձրացանք բեմ: Ութսուն հոգիով: Խանդավառ: Պիտի թնդացնէինք սրահը, ցոյց պիտի տայինք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ, թէ ի՛նչ է մեր մշակութային հարստութիւնը, թէ ինչպէ՛ս տէր կը կանգնինք մեր պապերուն ժառանգութիւններուն:
Պիտի հրամցնէինք հայկական պարերու փունջ մը, պիտի հնչէր հայ երգը ու թնդար հայ պարը, պիտի հնչէր տհոլն ու փչէր զուռնան, … որպէսզի պարէր «Սիփան»ը:
Այո՛, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի Սիփանը… «Սիփան» պարախումբը: Մէկուկէս տարիներու փորձերէն ետք, պատրաստ էինք բեմ բարձրանալու:
Վարագոյրները բացուեցան ու սկսաւ «Վաղարշապատը»: Հանդիսատեսները այնքա՛ն հրճուանքով ու զմայլումով կը դիտէին մեզ… Գեղեցիկ եւ զուլալ երաժշտութիւն, 80 կայտառ պարողներ, աշխուժ ու ճոխ պար: Ասոնց վրայ աւելցաւ նաեւ մեծ տղոց կազմած բերդը. հոյակապ պատկեր էր իսկապէս: Իրարու յաջորդեցին, հերթաբար, 18 պարեր, ինչպէս` «Սարերի հովին մեռնեմ»ը, «Թամզարա»ն, «Զանգեզուր»ը, «Կը քելէ»ն, «Զարթօնք»ը, «Հայրենիք»ը եւ ուրիշներ, բոլորն ալ` եռանդով ու գոյներով հարուստ պարեր… հրապուրիչ պարեր:
«Սիփան»ի հիմնադիրն ու պարուսոյցը, այլ խօսքով` «սիփանամայրը», ինչպէս որ ես կը կոչեմ զինք, Գարինա Ալեքսանդրեանն է: Համազգայինի գեղարուեստական դպրոցի հիմնական եւ առաջին սիւներէն, որ հիմնեց Համազգայինի պարի դպրոցը եւ տարիներ շարունակ ծառայած է գաղութին` առանց որեւէ ակնկալութեան:
Ան իր տարիներու փորձառութիւնը հաւաքեց ու անգամ մը եւս հաստատեց, որ հայը չի մեռնիր… Աւելի ճիշդը` չի գիտեր մեռնիլ…
Գարինա Ալեքսանդրեանը իր արհեստավարժութեան եւ մանկավարժական փորձառութեան շնորհիւ` այս հսկայ ու հզօր մշակութային «բանակը» կազմեց, «զինեց» ու համաշխարհայնացման դէմ «ճակատելու» ղրկեց…
Ան պարողները հաւաքեց «Սիփան»ի հարազատ երդիքին տակ, միշտ հաւատալով, որ ժողովուրդի մը ապագան իր նորահաս սերունդն է: Եւ եթէ զարկ տանք գործնական հայապահպանման աշխատանքին, ոչ միայն կը փրկենք ներկայ սերունդը օտարամոլութենէ, այլ նաեւ ապահոված կ՛ըլլանք մեր ազգին անվտանգութիւնը` ապագայի նկատմամբ, նուազագոյնը` մեր մշակոյթի եւ ինքնութեան գծով:
Ինծի համար իրապէս մեծ հպարտութիւն էր մաս կազմել Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի «Սիփան»ի մեծ ընտանիքին, որուն անդամակցելու միակ պայմանը փափաքն է սորվելու եւ զարգացնելու հայկական պարը եւ ոչ այլ չափանիշ:
Պարախումբը կը հաւատայ, որ ազգային մշակոյթի տիրութեամբ ու զարգացումով ա՛լ աւելի կը սաստկանայ հայուն պայքարը… մե՛ր պայքարը:
Եւ ճիշդ այս պատճառով է, որ «Սիփան»ը կը հրամցնէ միմիայն հայկականութիւն: Կը հրամցնէ հայկական պարեղանակներ ու երգեր: Կը հրամցնէ հայկական տարբեր շրջաններու ազգագրական պարերու շարժումներ, միշտ` նորաձեւուած տարբերակով:
«Սիփանամայր»ը ի՛նք կը դասաւորէ պարերը, միշտ նոր շարժումներով ու իր անձնական ստեղծագործութեամբ:
Իրապէս այդ պարերու փունջը անդարանելի էր հանդիսատեսին համար… մէկ հոյակապ պարէ ետք` միւսը` … դեռ առաջինէն չկշտացած` կը յաջորդէր երկրորդը, դեռ երկրորդէն նոր արբեցած` կը հասնէր երրորդը…
Յատկանշական էր «Մենք ենք մեր սարերը» պարը, որ ընդառաջելով ժողովուրդին առաջարկին, աւելի ճիշդը` պնդումին, ելոյթի աւարտին անգամ մը եւս պարեցինք` դարձեալ շեշտելով, որ մենք ենք մեր սարերը, մենք ենք մեր մշակոյթը, մենք ենք մեր ինքնութիւնը:
Իսկ «Սիփան»ը հայութեան երկրորդ Մասիսն է, որ հայրական սարի դեր կը խաղայ` պաշտպանելով մեզ ձուլումէ, անտարբերութենէ, արմատախիլ ըլլալէ, կեղծիքներ դառնալէ եւ օտարամոլ երեւոյթներէ:
Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարի»ն նման պարեց «Սիփան»ը ու ողջ աշխարհը հիացաւ: «Սիփան»ը պարեց… ու պատմեց պատմութիւնը ժողովուրդի մը… քաջ ժողովուրդի մը, որ իր ջանքով ու կամքով պարել գիտէ: Ժողովուրդ մը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն գիտէ քէֆ ընել եւ ամէն իյնալէ ետք, «վերածնունդ» մը կ՛ապրի իսկական փիւնիկի նման:
Պարեց «Սիփան»ը ու հայ մշակոյթը վերածնունդ ապրեցաւ:
ՀՐԱԿ ԹՈՐՈՍ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ