ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՊԱՐԻ ԶՈՅԳ ԽՈՒՄԲԵՐԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Հայը անգամ մը եւս կու գայ փաստելու, որ ինք կրնայ տէր կանգնիլ թէ՛ իր մշակոյթին եւ թէ՛ այն երկրին, որուն մէջ կ՛ապրի: Եւ ոչ միայն տէր կը կանգնի անոր, այլ նաեւ զայն լաւագոյնս կը փոխանցէ իր ապագայ սերունդին:

Պահպանենք մեր անցեալի բարքերը, պահպանենք մեր մշակոյթը եւ նորահաս սերունդին կտակենք զայն:

Այս նշանաբանով Լիբանանի կրթական նախարարութիւնը, 4-րդ տարին ըլլալով, կազմակերպեց մշակութային ազգագրական պարի միջդպրոցական տարբեր մակարդակներով մրցոյթ մը, որուն մասնակցեցան Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ գործող վարժարաններ: Անոնց մաս կը կազմեն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը երկու խումբերով` կրտսեր (երկսեռ,  8-9 տարեկան)  եւ միջակ աղջիկներ (10-15 տարեկան), պարուսոյց Անի Կոստանեանի ղեկավարութեամբ:

Մրցումը տեղի ունեցաւ երեք հանգրուաններով:

Շաբաթ, 26 մարտ 2011-ին, Մոն Լա Սալ վարժարանի սրահին մէջ Լեռնալիբանանի վարժարաններուն միջեւ տեղի ունեցաւ զտումի մրցանքը, որուն ընթացքին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի զոյգ խումբերը զմայլեցուցին ներկաներն ու դատակազմը եւ ապահովեցին առաջին դիրքը` իւրաքանչիւրը իր ներկայացուցած դասակարգին մէջ:

Ուրբաթ, 1 ապրիլ 2011-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ախոյեանութեան աւարտական փուլը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր շրջանի յաղթական խումբը ներկայացուց պարը:

Արդիւնքը յայտարարուեցաւ երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2011-ին, դարձեալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ: Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի զոյգ խումբերը գերազանց արդիւնքներով առաջին դիրքը գրաւեցին, ստացան Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսը եւ արժանացան բոլորին հիացմունքին: Անոնք բարձր գնահատուեցան իրենց պարին, տարազներուն, կեցուածքին, բեմականութեան, երաժշտական կշռոյթի ճշգրտութեան եւ կատարելութեան համար:

Կը շնորհաւորենք Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, մրցոյթին մասնակցող աշակերտները, անոնց ծնողները եւ ի մասնաւորի Անի Կոստանեանը, որ որեւէ ճիգ չխնայեց առաւելագոյնս պատրաստելու աշակերտները նշեալ մրցոյթին:

 

Share this Article
CATEGORIES