ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑԱՆՔ. ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻՆԵՐ ԱԽՈՅԵԱՆ
Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը, պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, մարտ ամսուն մասնակցեցաւ Լիբանանի միջդպրոցական պարի մրցանքին:
Շաբաթ, 26 մարտին, Մոն Լա Սալի մէջ, Լեռնալիբանանի մրցաշարքին Ճեմարանի աշակերտուհիները իրենց կեցուածքին, կատարողութեան եւ համաչափ շարժումներուն համար ստացան բարձր գնահատական եւ անցան ախոյեանական հանգրուան:
Ուրբաթ, 1 ապրիլին, տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ: Ճեմարանի խումբը ներկայացուց Արա Գէորգեանէն նազ պար մը եւ երրորդ տարին ըլլալով` առաջին դիրքը գրաւեց փոքր աղջիկներու դասակարգին մէջ:
Երկուշաբթի, 4 ապրիլին, պարախումբը ստացաւ մրցանակը: Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն` դպրոցին մէջ:
Մրցանքին մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները` Աթթարեան Ռիթա, Աղէկեան Կալին, Մուրատեան Ռիթա, Պուժիքեան Էնճըլա, Տէյիրմենճեան Սելին, Փաչանեան Պեթի, Աճեմեան Մարի-Քրիսթել, Ապուսեֆեան Սէրլի, Գասարճեան Մարիա, Խաչատուրեան Լէա, Միսիրեան Կալի, Պաքալեան Վանայ, Տէր Խաչատուրեան Գալին-Ռիթա: