ՖԻՖԱ-ի Նախկին Նախագահ Ժոաօ Հաւելանժ Ամբաստանուեցաւ Կաշառակերութեան Յանցանքով

Հաւելանժ

«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ի նախկին նախագահ Ժոաօ Հաւելանժ ամբաստանուած է կաշառակերութեան յանցանքով: Անոր հետ ամբաստանուած է նաեւ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ռիքարտօ Թեքսէյրա:

Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, երկու պրազիլցիները ամբաստանուած են միլիոններ գրպանած ըլլալու յանցանքով` կարգ մը մրցումներու արդիւնքներուն հետ խաղացած ըլլալնուն համար:

Հաւելանժ, որ 1974-էն 1998 եղած է ՖԻՖԱ-ի նախագահ, կը կարծուի, որ գրպանած է 1,5 միլիոն ամերիկեան տոլար, մինչ Թեքսէյրա, որ 1989-էն մինչեւ 2012-ի սկիզբը եղած է իր երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահը, «ստացած է» 13 միլիոն ամերիկեան տոլար: Ան այս գումարը ստացած է 1992-էն 1997:

Նշենք, որ վերոնշեալ տուեալները հրապարակած է զուիցերիական գերագոյն դատարան մը:

 

Share this Article
CATEGORIES