Վաղը` Շաբաթ, 14 Յուլիսին Պաշտօնական Բացում` Նապաթիէի Քաղաքապետութեան Ֆութպոլի Դաշտին
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վաղը` շաբաթ, 14 յուլիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին տեղի պիտի ունենայ Նապաթիէի քաղաքապետութեան ֆութպոլի դաշտին բացումը:
Բացման այս պաշտօնական արարողութեան պիտի յաջորդէ ֆութպոլի մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն պետական-քաղաքական անձնաւորութիւններ, արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ շրջանի անուանի կարգ մը անձերը:
Նախքան դաշտին բացումը, հրաւիրեալները կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան դաշտին կազմակերպիչ յանձնախումբին, Քասր Մըլուք ճաշարանին մէջ` Քֆարժոզ – Նապաթիէ:
Դաշտը, որ ծածկուած է բարձր որակի առաջնակարգ արուեստական խոտով, ՖԻՖԱ-ին կողմէ ճշդուած բոլոր չափանիշերը կ՛ամբողջացնէ:
Անոր երկարութիւնն է 100 մեթր, իսկ լայնքը` 68 մեթր: Պատուոյ թրիպիւնը կրնայ հիւրընկալել 200 անձ, իսկ մնացեալ թրիպիւնները` 2000 հանդիսատես: Մարզիկներուն եւ իրաւարարներուն տրամադրուած բաժինը 210 մեթր-քառակուսի է: Անիկա օժտուած է նաեւ լոյսի սարքաւորումով եւ անոր վրայ կարելի է նաեւ մրցում կատարել գիշերը:

