Նախագահ Սլէյման Այցելեց Ֆրանսայի Նախագահ Հոլլանտի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Հանդիպումէն ետք Հոլլանտ ընթրիք մը սարքեց` ի պատիւ նախագահ Սլէյմանի:

Ընթրիքէն ետք Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք նախագահ Սլէյմանի յայտնած է Ֆրանսայի ամբողջական զօրակցութիւնը` Լիբանանին, յատկապէս նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:

«Մենք կատարեալ զօրակցութիւն կը յայտնենք Լիբանանի կառավարութեան, որ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի միասնականութեան, ապահովական կայունութեան եւ բարգաւաճման: Իսկ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Ֆրանսայի մասնակցութիւնը մեզի համար միջոց մըն է Լիբանանին նկատմամբ ունեցած մեր զօրակցութիւնը փաստելու», ըսաւ Հոլլանտ:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ֆրանսա Լիբանանէն պահանջներ չունի, աւելցնելով, որ անոր համար կարեւորը Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն է եւ երկրին ապահովութիւնն ու ազգային գերիշխանութիւնը պահպանելը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ իրենք լիբանանեան բանակին համար օժանդակութիւններ խնդրած են, աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականները ընդունելու իմաստով այլ պետութիւններ պէտք է Լիբանանին օժանդակեն, որովհետեւ Լիբանան չի կրնար այդ բեռը առանձինն տանիլ:

Share this Article
CATEGORIES