50 Տարի Առաջ ( 14 Յուլիս 1962 )
Խմբագրական
ՀՅԴ Ամերիկայի Պատգամաւորական
Ժողովին Առիթով
Վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր կազմակերպութիւնը կուսակցական եռուն շրջան մը բոլորեց: Խանդավառ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ Հայ օգնութեան միութիւնը, Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը եւ ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանը գումարեցին իրենց պատգամաւորական ժողովները, որոնց արձագանգը հանդիսացանք «Ազդակ»ի մէջ` ուրախութեամբ ընդգծելով այն պարագան, թէ իրերայաջորդ երեք պատգամաւորական ժողովները յաջողութեամբ պսակուած են` մասնաւորաբար մեր կազմակերպութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին մասին տրուած կարեւոր որոշումներով:
Մեզի համար, որ հեռուէն կը հետեւինք Միացեալ Նահանգներու կազմակերպական կեանքի նուաճումներուն, առաւելաբար սրտապնդիչ ու խրախուսիչ երեւոյթ մը եղաւ, որ Պոսթընի մեր պաշտօնակից` «Հայրենիք»-ի վկայութեամբ հաստատեցինք երիտասարդներու լայն մասնակցութիւնը երեք ժողովներուն: Կը բաժնենք «Հայրենիք»ի ուրախութիւնը` ի տես ոչ միայն երիտասարդներու թիւին յաւելման, այլեւ անոնց հաւատարմութեան` հանդէպ ՀՅ Դաշնակցութեան սկզբունքներուն եւ ազգային տեսակէտներուն:
Կուսակցականօրէն, Ամերիկայի մեր կազմակերպութիւնը անցնող տարեշրջանին ապրեցաւ անմոռանալի օրեր խանդավառութեան, որուն հարազատ պատկերը հանդիսացան պատգամաւորական ժողովները:
Արդարեւ, շրջանի պատասխանատու մարմինի որոշումով 1962-ը յայտարարուած էր կուսակցական հանգանակութեան տարի: Ամերիկայի մեր ընկերները, որոնք առաւելագոյն նպաստը բերած են միշտ հանրային բոլոր ձեռնարկներուն, նիւթական անհաշիւ զոհողութիւններով, այս անգամ յաւելեալ ոգեւորութեամբ մասնակցեցան այս հանգանակութեան` կուսակցական եւ հայ կեանքին մէջ անոր կատարելիք դերին լրիւ ըմբռնումով ու գիտակցութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու բոլոր մեծ ու փոքր քաղաքներուն մէջ, հոն, ուր գոյութիւն ունին ու կը գործեն առանձին կոմիտէներ, հանգանակային հաւաքոյթները, որոնց կը մասնակցէին նաեւ համակիրներ, տեղի ունեցան խանդավառ եւ սրտապնդիչ մթնոլորտի մէջ, առաւելագոյն արդիւնքներու իրագործումով:
Այս հանգանակութեանց առթիւ երեւան եկան յուզիչ երեւոյթներ, որոնցմէ մէկը անմոռանալի պիտի մնայ դաշնակցականներուն համար, ուր որ ալ գտնուին անոնք, Ուստրի մէջ համակիր մը` Գաբրիէլ Յակոբեան, համեստ այլ հաւատաւոր բարեկամ մը, ներկայանալով պատուոյ սեղանին, յայտարարած է. «Մատներս կորսնցուցի արկածով, ու չեմ կրնար չէք մը իսկ ստորագրել` համեստ խնայողութենէս գումար մը յանձնելու համար: Պիտի տամ` ինչ որ ունիմ դրամապանակիս մէջ»: Ապա դրամապանակը յանձնած է աւելցնելով «200 տոլար կու տամ դաշնակցութեան, հոգիս ուզէ ըն էլ կու տամ»:
Ու այսպէս, ամէն տեղ, նոյն ոգեւորութեամբ եւ գիտակցութեամբ, Ամերիկայի մեր ընկերներն ու համակիրները, ՀՅ Դաշնակցութեան կոչին պատասխանեցին` աւելի քան 180,000 տոլար հանգանակելով: Գումար մը, որ գերազանցեց զանազան նպատակներու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ ցարդ կատարուած բոլոր հանգանակութիւնները:
Այս պատկառելի գումարը, իբրեւ դրական եւ շօշափելի արտայայտութիւն մեր ընկերներու եւ համակիր զանգուածներու գիտակից կեցուածքին, եկաւ անգամ մը եւս փաստելու իրենց այն համոզումը, թէ Դաշնակցութիւնը կամքն է հայ ժողովուրդին, եւ աւելի քան եօթանասուն տարիէ ի վեր կը հետեւի անոր թելադրանքներուն:
Աւելի՛ն. եկաւ փաստելու, թէ որքան խոր նստած է Դաշնակցութեան սէրն իւրաքանչիւր ընկերոջ եւ համակիրի սրտին մէջ, որքան խոր է վստահութիւնը հանդէպ մեր կազմակերպութեան, որ հակառակ բոլոր փոթորիկներուն եւ հալածանքներուն` կը շարունակէ դրօշակիրը հանդիսանալ հայ ազատատենչ ժողովուրդին:
ՀՅԴ Ամերիկայի Պատգամաւորական 69-րդ ժողովին առիթով, կուսակցական հանգականութեան լոյսին տակ, մենք կը հաստատենք աճումն ու ուռճացումը մեր սիրելի կազմակերպութեան, որ աւելի քան երբեք, այսօր իր մէջ կը զգայ անհրաժեշտ ուժն ու կորովը` հայ ժողովուրդի արդար դատին տէր ու պաշտպան կանգնելու:
Կ՛ողջունենք Ամերիկայի մեր ընկերներուն կազմակերպական կեանքին մէջ տարած յաղթանակը` նորանոր յաջողութիւններու հաստատ հաւատքով:

