Լիբանանեան Երաժշտութեան Դպրոցի Տարեվերջի Հաշուետու Համերգ

Երաժշտութեան միջազգային տօնին առիթով, հինգշաբթի, 21 յունիսի երեկոյեան, Կեդրոնական Պէյրութի քափուչինեան հայրերուն Սեն Լուի եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Լիբանանեան երաժշտութեան դպրոցի տարեվերջի հաշուետու համերգը:

2011 տարուան սկիզբը դաշնակահարուհի Քրիսթինա Փափազեանին կողմէ հիմնուած երաժշտութեան եւ արուեստից այս դպրոցին աշակերտները, մէկ տարուան աշխատանքէ ետք, բեմ բարծրացան լիբանանցի երաժշտասէր հանրութեան մատուցելու անցնող տարեշրջանի իրենց աշխատանքին արգասիքը: Հայրենի երաժիշտներ` Արին Միքայէլեանի, Ռուզաննա Փանճարեանի, Անժելա Ունանեանի եւ Քրիսթինա Փափազեանի հայ թէ օտար տարբեր տարիքի պատկանող աշակերտ-աշակերտուհիներ ներկայացան դաշնակի, ջութակի եւ թաւջութակի մենանուագներով եւ զուգանուագներով` քաղուած միջազգային եւ հայկական երաժշտական գանձարանէն: Յատկանշական էին մանաւանդ փոքր տարիքի աշակերտներուն ելոյթները եւ երէցներու կատարողական տիրապետութիւնը, որ կրցած են ձեռք ձգել շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին: ելոյթին ընթացքին մատուցուեցան նաեւ երգեր, իսկ աւարտին բեմ բարձրացաւ դպրոցին երգչախումբը` բաղկացած 8 աշակերտներէ, որոնք երիտասարդ խմբավար Ֆեռնանտօ Աֆարայի ղեկավարութեամբ եռաձայն կատարումներով ներկայացուցին Ֆրանսերէն թէ անգլերէն երգերու փունջ մը: Նշենք, որ Լիբանանեան երաժշտութեան դպրոցը ունի նաեւ իր կերպարուեստի, պարարուեստի եւ թատերական բաժանմունքները: Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան նաեւ գծագրական դպրոցի աշակերտներու գործերու ցուցահանդէսը: Բարձր ճաշակով ու կոկիկ յայտագիրով մատուցուած երաժշտական այս երեկոն եկաւ անգամ մը եւս ապացուցելու, որ հայ երաժիշտներու եւ արուեստագէտներու նպաստը շատ մեծ է լիբանանեան մշակութային կեանքի զարգացման ու ծաղկեցման գործին մէջ, իսկ երաժշտական ու արուեստից կրթութիւնը կը մնայ կենսական իւրաքանչիւր մանուկի համար, անոր մօտ զարգացնելու գեղեցիկի ընկալումն ու զգայարանքներու ճիշդ օգտագործումը:

Share this Article
CATEGORIES