Խաչիկ Խաչերի Ողջունելի Նախաձեռնութիւնը
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
1995-ին, 32 իրանցի արձակագիրներու 32 պատմուածքները «Մետաքսի ճամբան» բարացուցական խորագիրը կրող հատորին մէջ ամփոփելէ ետք, իրանահայ արձակագիր, բանաստեղծ ու թարգմանիչ Խաչիկ Խաչեր քանի մը ամիս առաջ դարձեալ ժամադրուեցաւ իր ընթերցողներուն հետ` այս անգամ անոնց սեղանին դնելով գերման 42 պատմուածքներու 55 պատմուածքները ի մի փնջած «42 XX դարի գերմանական պատմուածքը» անուն շահեկան ծաղկաքաղը: 360 էջերէ կազմուած այս հատորը, որ կը բացուի թարգմանիչին ստորագրութիւնը կրող «Բարի երթ» խորագրեալ նախաբանով, կը ներկայացնէ իրերայաջորդ սերունդներուն պատկանող, գրական տարբեր ուղղութիւններու եւ իւրայատուկ աշխարհահայեացքի տէր ծանօթ ու անծանօթ պատմուածագիրներ` 1912-ին Նոպելեան մրցանակի տիրացած Գերհարդ Հաուպտմանէն (1862-ի ծնունդ) մինչեւ երիտասարդագոյն սերունդի ներկայացուցիչ Ֆրանցիսկա Գերսթենբերգ (1979-ի ծնունդ): Այսինքն` մէկ դարու վրայ երկարող ծանրակշիռ գրականութիւն մը, որ կը նշանակէ կարդալ քանի մը հարիւր պատմուածքներու ժողովածուներ, բազմատասնեակ անթոլոժիներ, օգտուիլ համացանցին ընծայած բարիքներէն, կապ հաստատել շարք մը հրատարակչատուներու հետ, ծանրութեթեւ ընել թարգմանութեան համար մէկ կողմ դրուած կտորները, ի մտի ունենալ հեղինակին անուան հոմանիշ դարձած ստեղծագործութիւնները, կազմել թարգմանելի կտորներուն նախավերջնական ցանկը եւ լծուիլ ծրագրուած, երկարաշունչ ու տքնաջան աշխատանքի:
Խաչիկ Խաչերի «42 XX դարի գերմանական պատմուածքը» անուն բազմերանգ ու բազմահորիզոն ժողովածուն վերոնշեալ տառապագին աշխատանքին պտուղն է: Հիացումի եւ սիրոյ պերճախօս ապացոյցը նաեւ, գրաւականը ընթերցումին յաջորդած հոգեկան-գեղարուեստական արբեցումին, որ այս պարագային զուտ անձնական խրախճանք մը չէ, այլեւ անանձնական երանութիւն է: Իր ըմբոշխնած վայելքէն գերմաներէն բնագիրին անծանօթ հայ ընթերցողին ալ բաժին հանելու, զայն նաեւ մասնակից դարձնելու իր ազնիւ մտադրութեան մէկ գեղեցիկ պսակումն է այս ժողովածուն, անկախ հատորին որակական ու թարգմանական արժէքէն, որ առաւել քան գոհացուցիչ է, չըսելու համար բարձրորակ, հակառակ տեղ-տեղ նկատուող թարգմանական խորթութիւններուն, որոնց առիթով, անշուշտ, կարելի է առարկայական դիտողութիւններ ընել:
Արդար պէտք է ըլլալ եւ ըսել, որ Խաչիկ Խաչեր նախաձեռնած է ծայր աստիճան դժուար ու պատասխանատու աշխատանքի մը` բացուելով տարբեր ոճերու եւ հիմնովին այլազան գրելաձեւերու տէր հեղինակներու գրականութեանց: Մնաց որ, այս պարագային, նկատառելի թերութիւններուն պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ ո՛չ թէ թարգմանիչին, այլ հատորի խմբագիրին` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Ներսէս Աթաբեկեանի ուսերուն:
Եւ արդէն, անդրադառնալով «թարգմանական դժուարութիւններ եւ բարդութիւններ պարզած պատմուածքներուն, իր ներածականին մէջ, Խաչիկ Խաչեր սեւով սպիտակի վրայ կը գրէ. «Պատմուածքներ ալ կան, որոնց թարգմանութեան համար մենք սարուձոր ենք ընկել, դիմել գերմաներէնի պարսիկ դասախօսներին եւ խնդրել հասկանալ գրողին: Խորհրդակցել ենք, վիճել, նոյնիսկ ուղղակիօրէն դիմել ենք գրողին եւ բացայայտութիւններ խնդրել»:
Պարզ ըսած` իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, Խաչիկ Խաչեր կատարած է իր առաւելագոյնը, ամենայն բծախնդրութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով, հաւատարիմ` օտար մշակոյթներու համամարդկային արժէք ներկայացնող գանձերը հայացնելու Մաշտոցեան աւանդին: Թարմանալու, հարստանալու, ամբողջանալու եւ գերման գրականութեան համամարդկային տարողութեան, դարաւոր հարստութեանց ու նորագոյն շարժումներուն նպատակասլաց ուղեւորութեան հետ քայլ պահելու ողջունելի իրագործում մըն է «42 XX դարի գերմանական պատմուածքը» անուն ժողովածուն, գիտական մօտեցումով եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ մարմին ու ոգի ստացած հարուստ բերքաքաղ մը, որ քաղցր է եւ սիրելի:

