Հայաստանը «Դարձել Ա» Նոր Լեզուի «Լապորաթորիա»…
Ապրիլեան ոգեկոչման ներկայ ըլլալէ ետք, Հայաստանէն վերադարձած Արմենակ խորագրի բառերով դիմաւորեց զիս, եկեղեցիի մուտքին: Եւ պատմեց: Առիթ չտալով նոյնիսկ, որ բարի վերադարձ մաղթեմ իրեն: Կ’արձանագրեմ.
«Բարեկամ մը, տխրօրէն զուարճանալու համար, Հայաստան այցելելու պատրաստուող «տուրիստ»-ներու համար որոշած է փոքրիկ առձեռն բառարան մը պատրաստել: Ի վերջոյ, հայրենասէ՜ր «տուրիստ»-ը պէտք է հասկնայ իր հայրենակիցները եւ անոնցմէ հասկցուի: Այդ բառարանի առաջին երեք էջերը ինծի բերաւ` հաւանօրէն խորհելով, որ եթէ կրկին երթամ Հայաստան, տգէտի պատկերով չներակայանամ խօսակիցներուս, երբ անոնց հանդիպիմ հիւրանոցը, ճաշարանը եւ գեղատեսիլ սրճարանները: Թէեւ, բարեկամս, փոխանակ ինծի բերելու այդ էջերը, կրնար ղրկել սփիւռքի, մշակոյթի, կրթական նախարարութիւններուն, Լեզուի պետական տեսչութիւն, Գրողներու միութիւն եւ վերածնունդի յոյսեր ներշնչող Եզրաբանական կամ «տերմինաբանական» կոմիտէ: Բարեկամս ակադեմական չէ, եւ համեստօրէն, բառերուն դիմաց փորձած է համապատասխան հայերէնները ճարել: Կարդամ.
. ագրեսիվ տեսվատծք – յարձակողական տեսուածք
. ագտիվացնել հարաբերութիւնները – յարաբերութիւնները գործունեայ դարձնել
. ակսեսվար- մանրասարք
. ագտիվ եւ պասիվ քաղաք…….
. ագտիվացնելու միջոցներ – արծարծելու միջոցներ
. ազգային ռեսուրս – ազգային արդիւնաբերութիւն
. դեֆորմացիա – ձեւափոխում, ձեւազեղծում
. դինամիկ հարաբերություն – աշխուժ յարաբերութիւն
«Եւ կը շարունակուին բառերը. էգոյիզմ, էգոյիզմաբար, դիֆերանցած, ֆանդասմաներ, էմոցիա, հալուծինացիա, հայ դելեկացիա, քաղաքականութեան պլատֆորմի մեխանիզմ, կարյերա, խնամքի երկրորդ էտապը, բագաժնիկ, մանիպուլացիա, միստերիա, նոստալժիա, օկուպացված շրջան, ռիթմիկ, վիպրացիա, վոկալ, սպորտ շոուբիզ…
«Բարեկամիս նոր բառարանին առաջին երեք էջերը պատրաստ են: Կը խորհիմ, որ յանուն ազգի միասնականութեան զարգացման, ամրացման, «կոնսոլիդացման» եւ «ակտիվացման», «տուրիստ» հայերուն համար կարելի է սփիւռքի մէջ յատուկ դասընթացքներ կազմակերպել: Իսկ անոնք, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի կ’ուզեն ըլլալ, դիմում կ’ընեն, պէտք է որ հետեւին այդ դասընթացքներուն, այլապէս լուրջ խնդիր կը ստեղծուի զիրար հասկնալու համար: Ճիշդ է որ Հայաստանի հեռատեսիլը, թերթերը եւ քաղաքական դէմքերը այդ դասերը ամէն օր կու տան, իսկ սփիւռքի մէջ նորատեսակ իմաստուններ չեն պակսիր կապկելու համար: Կապկել, ըստ կապիկ արմատի…»:
Կեդրոնականցի Արմենակ խօսած էր մէկ շունչով:
– Դեռ կը զարմանա՞ս,- ըսի:- Սփիւռքի մէջ թերթեր կան, զանգուածային լրատուամիջոցներ, որոնք արդէն լծուած են միացման աշխատանքին, կը գումարեն եւ կը բաժնեն արեւելահայերէն, սովետահայերէն, արեւմտահայերէն, սփիւռքահայերէն (ըստ բազմատասնեակ երկիրներու, ուր հայեր եւ ծագումով հայեր կան): Իմաստուններ ալ կան, եթէ չամչնամ, կ’ըսեմ` իմաստակներ, որոնք կը կրկնեն սովորական յանկերգներ, թէ այսպէս ալ կ’ըլլայ այնպէս ալ, լեզուն կը յառաջդիմէ, լեզուն կարեւոր չէ, եւ կը բաւէ զգացումով հայ ըլլալ: Դուն կ’ուզես վերջին Մոհիկանը ըլլալ, կամ` մեր ազգի Տոն Քիշոթը: Բայց քեզ անմահացնող Սերվանթես չունինք:
Արմենակ տխրօրէն գլուխը օրօրեց եւ եկեղեցի մտնելէ առաջ հառաչեց.
– Մտնեմ գրաբարով հաղորդուիմ եւ մաքրուած ներկայանամ Մեսրոպին:
Արմենակ անուղղայ մըն է: Եթէ այսպէս շարունակէ, որպէս յիմար` զինք պիտի հոսպիտալացնեն, հոն կամ հոս: Թեթեւսոլիկ մեծամասնութիւնը կարելի չէ հոսպիտալացնել, տեղ չի գտնուիր…
Ֆրանսացին կ’ըսէ. Ainsi va la vie…
Երբ նորահայերէնը ընդունուի, կը հարթուին արեւելահայերէնի, արեւմտահայերէնի եւ մեսրոպեան ուղղագրութեան գլխացաւանք պատճառող խնդիրները…
Մակար, ի Գաղիա, Անկախութեան Տօնի նախօրեակ
25 մայիս 2012, Նուազի-լը-Կրան

