Անդրադարձ` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Պաշտօնաթերթ «Ռազմիկ»-Ի Թիւ 2 (2012). Երիտասարդական Խօսքին Գրաւը
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր անգամ որ հայ շրջապատին եւ ի մասնաւորի ընթերցասէր հասարակութեան գրասեղանին վրայ իր ներկայութիւնը ծանուցած է երիտասարդականի այս հրատարակութիւնը, անպայման որ իրեն հետ բերած է որոշակի թարմութիւն, խանդ ու կորով, այլապէս գաղափարական հասունութիւն, դաշնակցականի յանձնառութիւն եւ նախաձեռնութեան ոգի:
Պարզենք:
Երբ ամէն առիթի պատեհութիւն ստեղծուած է անդրադառնալու «Ռազմիկ»¬ի բովանդակութեան եւ ընդհանրապէս հոն արծարծուող մտածումներուն, տեսակէտներուն եւ կեցուածքներուն, երկու հիմնական ու անհրաժեշտ նախադրեալներ իրենք զիրենք պարտադրած են. առաջին հերթին` ազգային¬գաղափարական ու քաղաքական նիւթերու ընդգրկումը, ապա քննական մտքի եւ ազատ խօսքի արտայայտութիւնը:
Յիշեցնե՞լ է պէտք, որ երիտասարդականի տարիքի յագեցած գրութիւններ են, որոնք կը տողանցեն գունաւոր էջերու վրայ` բծախնդիր խմբագրական աշխատանքի եւ գրաւիչ էջադրումի առընթեր:
Անցնինք:
Յայտնենք, որ հիմնականին մէջ ողջունելին կը մնայ հրատարակութիւնը պարփակող նիւթերու այլազանութիւնը: Օրինակ` գրեթէ ամէն թիւի մէջ հարցազրոյցի մը կայացումը մտաւորականի, պատմաբանի, ազգային թէ հասարակական գործիչի հետ, խորքին մէջ ամբողջովին կ՛ուղղորդէ տուեալ թիւի մասնակից յօդուածագիրները, կը պահպանէ պարբերաթերթի հեղինակութիւնն ու արժանահաւատութիւնը, ինչպէս նաեւ` ընթերցողը կը պարուրէ մտածումներու եւ տեսակէտներու վարար ներկայութեամբ:
Ընթացիկ գրութիւններու կողքին գնահատելին կը մնայ այն, որ իւրաքանչիւր թիւ կ՛ընդգրկէ առանցքային գլխաւոր նիւթ մը, որուն շուրջ կը թաւալին կամ կ՛արձանագրուին բազմակողմանի արտայայտութիւններ:
Բարեբախտաբար, երիտասարդականի շունչն ու ոգին դրսեւորող «Ազատ բեմ»¬ի բաժինը տակաւ ինքզինք կը յայտնաբերէ եւ հարթակը կը հանդիսանայ ազգային կեանքի թէ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող նիւթերու արծարծումին, քննարկումին ու մանաւանդ քննադատութեան:
Անշուշտ որ հայրենիքի, Արցախի թէ Ջաւախքի մասին ակնարկներն ու տեղեկութիւններու մատուցումը անպակաս են, ինչպէս նաեւ` թշնամի թուրք¬ազերիական ոտնձգութիւններու թէ դիւանագիտկան աճպարար վարքագծերու մասին վերլուծումները, օգտակար են ու շահեկան:
Փաստօրէն, այս թիւով խիստ քաջալերական պէտք է նկատել Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդգրկող ընդհանուր թեմային շուրջ տարբեր նիւթերու ներկայացումը, ինչպէս` մշակութային եղեռն, Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան անդրադարձ, հոգեբանական վերլուծութիւններ` մասնագէտ¬դասախօսներու կողմէ, Իթթիհատականներու դատավարութիւն, եւ այլն:
Յոյժ գնահատելի է հայ վրիժառուներու սրբազան արարքներու մասին ամփոփ տեղեկութիւններու ներկայութիւնը:
Անկեղծ ասած, եթէ երբեք ընդհանուր ակնարկ մը նետենք այս թիւին մէջ յօդուածագրութեամբ հանդէս եկած ԼԵՄականներու քանակին ու տարբեր կարողութիւններու պատկերին, ինքնին խրախուսիչ երեւոյթի մը դիմաց մենք մեզ կը գտնենք, ինքնին խրախուսիչ երեւոյթի մը դիմաց, մօտիկ ապագայի հաշուոյն, գրական թէ ընդհանրապէս մտաւորական աշխատանքի ծաւալման տեսակէտէ:
Այս առումով պահանջուածը յարատեւութիւնն է, բայց մանաւանդ գուրգուրանքը, քաջալերանքն ու ուղղուածութեան հրամայականը, ինչ որ արդէն կը տարուի փորձառու ընդհանուր խմբագիրի հսկողութեամբ:
Միւս կողմէ, ընդգծել է պէտք, որ ամէն թիւի մէջ «Ռազմագրականութիւն» խորագրին տակ կը մատուցուի հայ յեղափոխութեան քուրմերէն, ազատագրական պայքարի տիտան եւ դաշնակցական հսկայի` Գարեգին Նժդեհի պայծառ մտածողութիւնն ու գաղափարախօսական տեսադաշտը պարփակող գրականութենէն բաժիններ, որոնք կ՛ապացուցեն անոր բացառիկ հայրենապաշտի ու եզակի ռազմավարի ուսմունքը:
Նաեւ փափաքելին կը մնայ այն, որ իւրաքանչիւր թիւ անպայման պարփակէ խմբագրական կազմի անուանացանկն ու մանաւանդ ամսաթիւը (տարին ներառեալ), որպէս տարիներու շարունակական երթ եւ պատմութեան երաշխիք:
Կրկնութեան գնով յայտնենք, որ պարբերաթերթի ընդհանուր բովանդակութեան, անոր ազգային ու գաղափարական առողջ դիմագիծին առընթեր հարկ է, որ զայն այսպէս ասած աւելի երիտասարդացնել, այլազան հետաքրքրութիւններ յագեցնելու մտադրութեամբ, օրինակ` ներառել միջազգային երիտասարդական շարժումներու, շարժապատկերի, արհեստագիտական նուաճումներու արուեստի նորովի ըմբռնումներու արհեստի մասնագիտական ոլորտներու եւ այլ նիւթերու վերաբերող յօդուածները, որպէսզի կարելիութիւն ընծայուի նորահաս սերունդին աւելի որոշակի մօտիկութիւն ստեղծել ընթերցանութեան եւ մամուլին:
Բարի երթ:

