ԼԵՄ-ի Պաշտօնաթերթը. «Ռազմիկ»
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ամէն անգամ որ սեղանին վրայ կը տեսնենք Լիբանանի երիտասարդական միութեան պաշտօնաթերթ «Ռազմիկ»-ը, ուրախութիւնը կ՛ունենանք մեր երիտասարդներուն ներկայութիւնը զգալով: Ներկայութիւն մը` մամուլի միջոցաւ, ուր կը յայտնաբերուի ԼԵՄ-ի գաղափարական նուիրումը իր պատկանած ազգին, հայ ժողովուրդին: Այս նուիրումը առաջնորդած է ԼԵՄ-ականները` հաւատալու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ կը շարունակէ մտահոգուիլ հայութեան ճակատագրով` իր կարելին եւ անկարելին ներդնելով մեր գոյապայքարին ու մեր երթին: «Ռազմիկ»-ի ներկայ թիւը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին:
ԼԵՄ-ի «Հայաստան», «Ա. Շիրակեան, «Հրայր Դժոխք», «Րաֆֆի», «Դրօշակ», «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղերու անդամներ ստորագրած են հայկական թեմաներով յօդուածներ, ուսումնասիրութիւններ եւ գաղափարական հարցերու վերաբերեալ նիւթերով գրութիւններ, ինչպէս «Օսմանեան պետութեան քայքայումը», «Իթթիհատականներու դատավարութեան ճակատագիրը եւ Հայկական հարցը», «Հայր մշակութային եղեռնը», «Հայոց ցեղասպանութեան հոգեբանական անդրադարձը` ըստ մասնագէտներու», «Յիշէ, պահանջէ, մերժէ», «Կարմիր կրակ» եւ այլ հայադրոշմ յօդուածներ:
ԼԵՄ-ական մտաւորական եւ գրասէր մեր երիտասարդները հակած են օսմանցիին սարքած հայոց եղեռնին, ու մատնանշած են իրենց խոկումները, տեսակէտները: Հրակ Եսայեան, Հրակ Թ. Աւետանեան, Սուրէն Թապագեան, Արազ Գոճայեան, Սարին Ղազարեան, Մեղրի Պապիկեան, Հ. Աւետանեան, Սեւակ Տեմիրճեան, Ռուբինա, Անուշ Թասլաքեան, Վ. Ե., Ն. Պ.:
«Ազատ բեմ» բաժինով գրութիւններ ներկայացուցած են` Սամուէլ Ֆայն, Հրածին, Նշան Կօշկակարեան, Սիպիլ Աւետիսեան եւ Տուրպախ: Գլխաւոր խմբագրի աշխատանքները կատարած է Նորա Բարսեղեան:
Արձանագրեցինք անուններ` հաւատալով, որ անոնք պիտի շարունակեն իրենց հետաքրքրութիւնը, հետեւողական աշխատանքները, մանաւանդ յանձնառութիւնը` ըլլալու հայ ժողովուրդի ազգային իղձերուն մեկնաբանները, առաջնորդող նոր սերունդը:
«Ռազմիկ»-ին կողքը ունի տասնեակ մը անուանացանկ, հայու անուններ, ոչ անուանի, այլ` պարզ ժողովուրդի զաւակ իբրեւ, սպանդի ենթարկուած: Ետեւի կողքին վրայ տպուած են հայրենական մեր քաղաքներուն անունները, հայաշէն քաղաքներ, որոնք եղած են մշակոյթի, ուսման, արդիւնաբերական կեդրոններ, ուր ծաղկած եկեղեցիներն ու դպրոցները քանդած ու հրկիզած է ահաբեկիչ ու ջարդարար օսմանցին:
Հայոց ցեղասպանութեան վերյիշում մըն է «Ռազմիկ»-ին այս համարը, ուսանելի` անկասկած, նաեւ ցուցանիշ մը` մեր երիտասարդ նոր սերունդին հայակերտ դիմագիծը վկայող:
Ապրիք՛, տղաք ու աղջիկներ: Ձեզի վստահած ենք հայօրէն մեր երթը:
Յիշենք, որ ԼԵՄ ունի շաբաթական «Արծիւ» յայտագիրը, «Վանայ ձայնէն», ուրկէ կը փոխանցէ իր խօսքը` հայրենասիրական եւ ազգային թեմաներով, նաեւ հարցազրոյցներով` մեր կառոյցներու պատասխանատուներուն եւ ազգային դէմքերու հետ կատարուած:

