Երկուշաբթի Օր` Անան-Լաւրով Հանդիպում. Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Նախօրեակին Ջարդ Մը` Թրէյմսայի Մէջ
Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի Փենթակոնի մէջ հանդիպում ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակից զօր. Նիքոլայ Մաքարովի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Սուրիոյ կացութիւնը:
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ զօր. Մաքարով, որ նաեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի օգնականի պաշտօնը կը վարէ, եւ անոր ընկերակցող ռուսական զինուորական պատուիրակութիւնը զօր. Տեմփսիի կողմէ ջերմ ընդունելութեան արժանացած են:
Ամերիկեան բանակի սպայակոյտին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ երկու զօրավարներուն միջեւ քննարկուող հարցերուն շարքին էին Սուրիոյ կացութիւնը եւ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանի ծրագիրը:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներ զգուշացուցին Սուրիան` յայտնելով, որ «պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ», եթէ իր քիմիական զէնքերուն ապահովութիւնը չերաշխաւորէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնեց, որ «բազմիցս յստակ կերպով ըսինք, որ սուրիական կառավարութիւնը իր քիմիական զէնքերու պահեստին պաշտպանութեան պատասխանատու է»` աւելցնելով, որ «միջազգային ընտանիքը պիտի պահանջէ հաշուետուութեան կանչել այն սուրիացի պաշտօնատարները, որոնք այդ պատասխանատուութեան տէր չեն կանգնիր»:
Նշենք, որ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` վկայակոչելով գաղտնի սպասարկութեանց զեկուցումներ, իր հինգշաբթի օրուան թիւով սուրիական քիմիական զէնքերու տեղափոխութեան ենթարկուելու կարելիութեան ակնարկած էր: Օրաթերթը նշած էր, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ այն մտավախութիւնը ունին, որ նշեալ զէնքերը ըմբոստներուն կամ քաղաքայիններուն դէմ կրնան օգտագործուիլ, իսկ ուրիշներ այն կարծիքը յայտնած են, որ քիմիական զէնքերու տեղափոխման պատճառը զանոնք հեռացնելն է, որպէսզի զինեալ խմբաւորումներուն եւ արեւմտեան ուժերուն հասանելի չըլլան:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ յայտնած է, որ իր երկիրը Միջերկրական ծովուն վերեւ Սուրիոյ կողմէ վար առնուած թրքական կործանիչին վերաբերեալ իր ունեցած բոլոր տեղեկութիւնները ներկայացուցած է թրքական կառավարութեան` նշելով, որ ներկայացուած բոլոր տեղեկութիւնները չեն հակասեր թրքական կողմին ունեցած տեղեկութեանց:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նշեց, որ թրքական օդանաւը առանց զգուշացման վար առնելը անընդունելի է` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց որոնումի թեքնիք կարելիութեամբ գործակցած է թրքական ծովուժին հետ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակի սպայակոյտը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Սուրիա թրքական կործանիչը վար չէ առած: «Հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած է, որ այն վարկածը, ըստ որուն մեր օդանաւը, ինչպէս նախապէս կը պնդուէր, թէ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ վար առնուած է, կը հերքուի», կ՛ըսուի թրքական բանակի սպայակոյտին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ միջադէպէն անմիջապէս ետք Անգարա յայտարարած էր, որ Սուրիա վար առած է իր օդանաւը:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին նախօրեակին սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներ հաղորդեցին, որ սուրիական բանակը հինգշաբթի օր Կեդրոնական Սուրիոյ Ռիֆ Համա շրջանի Թրէյմսա գիւղին դէմ հրասայլերով եւ ուղղաթիռներով յարձակում գործելով քաղաքայիններու դէմ ջարդ մը գործած է: Ընդդիմադիր աղբիւրներ զոհերու թիւին շուրջ ներկայացուցին տարբեր թիւեր` 150, 200 եւ 220: Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ ապահովական ուժերը «քաղաքացիներուն կողմէ փրկութեան խնդրանքներէն ետք» գիւղին մէջ «ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումի մը» հետ բախում ունեցած է, անոր շարքերուն ծանր վնասներ պատճառած է, ինչպէս նաեւ խմբաւորումի անդամներէն շատեր ձերբակալած: Սուրիական տեղեկատուական աղբիւր մը «Ժազիրա»-ի եւ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայաններուն ակնարկելով ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ «լրատուական արիւնարբու կայանները ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն հետ գործակցաբար» Թրէյմսայի գիւղի բնակչութեան դէմ ջարդ գործած են` փորձելով
միջազգային հանրային կարծիքը Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին դէմ լարել, ինչպէս նաեւ
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի նախօրեակին Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան պայմաններ ստեղծել:
ԱՖՓ հաղորդեց, որ Իսլամ եղբայրները Քոֆի Անանը, Ռուսիան եւ Իրանը պատասխանատու կը նկատեն Թրէյմսայի մէջ տեղի ունեցած ջարդին համար: Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախկին նախագահ Պուրհան Ղալիուն «Ժազիրա»-ին յայտնեց, որ «Թրէյմսայի ջարդը յստակ ապացոյց մըն է, թէ Ռուսիա Պաշշար Ասատի վարչակարգը կը քաջալերէ սպանութիւն գործելու»: ԱՖՓ հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջած է Սուրիոյ մէջ ջարդերը դադրեցնելու անմիջական եւ վճռական որոշում մը որդեգրել:
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերը պատրաստ են Թրէյմսա գիւղին մէջ տեղի ունեցած ջարդին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու, եթէ պայմանները արտօնեն: Ան դատապարտեց Թրէյմսայի մէջ տեղի ունեցած ջարդը` նշելով, որ ծանր զէնքերու օգտագործումը սուրիական կառավարութեան տուած խոստումներուն խզում մը են:
Անան աւելի ուշ Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած նամակի մը մէջ յայտնեց, որ Թրէյմսայի ջարդին մասին վերջին զեկուցումները «Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու բռնաբարման եւ թերագնահատման ցաւալի փաստեր են»:
Ֆրանսա Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց Թրէյմսայի մէջ տեղի ունեցած ջարդին նկատմամբ իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու: Սպիտակ տունը իր կարգին նշեց, որ սուրիական վարչակարգին գործած «ահաւոր նոր արարքները ՄԱԿ-ի կողմէ միջազգային համակարգուած պատասխանի կը կարօտին»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ Թրէյմսայի ոճիրին պատասխանատուն սուրիական կառավարութիւնն է, որուն կողմէ հրետանիներու, հրասայլերու եւ ուղղաթիռներու պէս ծանր զէնքերու քաղաքայիններու դէմ օգտագործումը փաստուեցաւ` զգուշացնելով, որ նախապէս Հուլայի մէջ գործուածին նման ցեղային մաքրագործման յստակ ընթացք մը գոյութիւն ունի: «Ապահովութեան խորհուրդին եւ մասնաւորաբար մնայուն անդամներուն առջեւ այլեւս այլընտրանք չկայ, բացի իր պատասխանատուութեանց տէր կանգնիլ եւ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան 7-րդ յօդուածին հիմամբ որոշումի մը որդեգրումը, սուրիական կառավարութեան ստիպելու համար` բռնարարքներն ու սպանութիւնը դադրեցնել եւ Ապահովութեան խորհուրդի ու Քոֆի Անանի ծրագիրը գործադրել, ներառեալ` սուրիացի ժողովուրդին պահանջածին նման դէպի ազատ ժողովրդավար վարչակարգ քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի սկսումը»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Անան սուրիական տագնապի հարցը քննարկելու համար երկուշաբթի օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՛ուզէ, որ Անան սուրիական ընդդիմութեան հետ շատ աւելի աշխուժ եւ ազդու կերպով գործէ:


