Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ թրքական դեսպանատան եւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա փոխադրուած է Մաարապ` հոն բնակելու նպատակով: Ան շեշտեց, որ ինք այս որոշումը տուած է նկատի ունենալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող քաղաքական անձնաւորութիւններուն դէմ գործուելիք սպանութիւններու սպառնալիքները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Փարիզէն ժամանեց Պէյրութ: Միւս կողմէ, անոր զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթ շրջեցաւ Ռաշայա Ուատիի գիւղաքաղաքները, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տեղւոյն բնակիչներուն հետ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ Լիբանան բոլոր պետութիւններէն աւելի կարիքը ունի արտերկրի իր զաւակներուն, «սակայն միաժամանակ ան պետութիւն մըն է, որ ամէնէն աւելի կ՛անտեսէ իր արտերկրի զաւակները»:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամէնէն աւելի կը խանգարէ եւ կը խոչընդոտէ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան կարելիութիւնները:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը, անոր զէնքը եւ Դիմադրութեան շուրջ ժողովրդային զօրակցութիւնը արաբ ժողովուրդին խաղաղութեան մեծագոյն երաշխիքներն են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ կոչ ուղղեց բարեկարգելու երկրին ընտրական օրէնքը` վաւերացնելով քուէարկութեան տարիքի նուազեցումը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէի ընտրական յանձնախումբը կարիքը ունի նիստի մը` աւարտելու համար ընտրական օրէնքի իր պատկերացումը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է դիմել որոշ քայլերու` պաշտպանելու համար Սայտան եւ անոր ինքնութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը: Ան հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ Սայտան փրկելու իր դէմ ուղղուող սպառնալիքներէն, ինչպէս նաեւ վերջ տալու Սայտայի մէջ արձանագրուող այն զարգացումներուն, որոնք կը խզեն Սայտայի ազգային սկզբունքները:

 

Share this Article
CATEGORIES