Պըրնզ. «Սուրիոյ Վարչակարգին Կողմէ Իր Ժողովուրդին Դէմ Գործուած Բրտութեամբ Մտահոգ Ենք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ուիլիըմ Պըրնզ Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը աւարտեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսով մը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է գործադրէ միջազգային որոշումները եւ ՄԱԿ-ի բանաձեւերը:

Պըրնզ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները մտահոգ են Սուրիոյ վարչակարգին կողմէ իր ժողովուրդին դէմ գործուած բրտութեամբ եւ մտավախութիւն ունին, որ այդ մէկը իր ժխտական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Լիբանանի ապահովական կայունութեան վրայ:

Պըրնզ շեշտեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը կը սպառնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը` նկատել տալով, որ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքը Լիբանանի համար առիթ մըն է վերջ տալու քաղաքական բռնարարքները անպատիժ ձգելու իրականութեան:

Նշենք, որ Պըրնզ այցելած էր նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկած էր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES