Մանսուր – Աշուր Հանդիպում

Մանսուր եւ Աշուր

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիպիոյ արդարութեան նախարար Ալի Ահմիտա Աշուրը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն վերաբերող օրինական հարցեր:

Հանդիպումէն ետք պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն Աշուր հաստատեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման թղթածրարին առնչուած ոչ մէկ նորութիւն կայ:

Աշուր աւելցուց սակայն, որ ինք Մանսուրին ներկայացուցած է Սատըրի մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքները:

Share this Article
CATEGORIES