ՀՄԸՄ – ԼԵՎԱՄ
ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ` ՖՈՒԹՊՈԼԻ, ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԵՒ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած այս շաբաթավերջի մրցումները պիտի ըլլան քիչ մը խճողուած` նկատի ունենալով, որ տեղի պիտի ունենան ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ վազքի մրցումներ:
Ֆութպոլի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան «Հայր Պօղոս Արիս» դաշտին վրայ, պիտի կատարուին շաբաթ, 5 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ: Երեք տարբեր դասակարգի մրցումները պիտի սկսին միեւնոյն ժամուն:
Ինչ կը վերաբերի պասքեթպոլի մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն սկսեալ (կիրակի օր):
Վերջապէս, վազքի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 7:30-ին (կիրակի):
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԺԱՄ
Ճեմարան – Յառաջ (մեծ աղջիկներ) 15:00
Ճեմարան – Ս. Հռիփսիմեանց (մեծ աղջիկներ) 16:00
Եղիշէ Մանուկեան – Ս. Հռիփսիմեանց (մեծ տղաք) 17:00
Մեսրոպեան – Ս. Հռիփսիմեանց (մեծ աղջիկներ) 18:30
Շամլեան-Թաթիկեան – Մեսրոպեան (միջակ աղջիկներ) 19:30
ՖՈՒԹՊՈԼ
ՓՈՔՐԵՐ ԺԱՄ
Քաղաքի Հայ աւետ. քոլեճ – Թռչնոց բոյն 11:00
Հարպոյեան – Թորոսեան 11:40
Ճեմարան – Շամլեան-Թաթիկեան 12:20
Մեսրոպեան – Եղիշէ Մանուկեան 13:00
Ս. Ագնէս – Ս. Քառասնից Մանկանց 13:40
Յառաջ- Կերթմենեան 14:20
ՄԻՋԱԿՆԵՐ
Թորոսեան – Հարպոյեան 11:00
Շամլեան-Թաթիկեան – Յովակիմեան 11:50
Ճեմարան – Աբգարեան 12:40
Սահակեան – Յառաջ 13:30
Եղիշէ Մանուկեան – Այնճարի Հայ աւետ. քոլեճ 14:20
Սոֆիա Յակոբեան – Մեսրոպեան 15:10
Ս. Ագնէս – Խանամիրեան 16:00
ՄԵԾԵՐ
Եղիշէ Մանուկեան – Շամլեան-Թաթիկեան 11:00
Մեսրոպեան – Քաղաքի Հայ աւետ. քոլեճ 12:00
Կ. Բ. Վ. – Յովակիմեան 13:00
Ս. Հռիփսիմեանց – Հարպոյեան 14:00
Ճեմարան – Սոֆիա Յակոբեան 15:00

