Ալիեւ Կ՛ընդունի Հրաւէրը Իրանի Խորհրդաժողովին, Որուն Պիտի Մասնակցի Նաեւ Նախագահ Սարգսեան
Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի կրթութեան նախարար Համիտ Ռզա Հաճիպապայի հետ:
Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատունէն «Ռեկնում»-ին յայտնած են, որ իրանցի նախարարը Ալիեւին յանձնած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հրաւէրը` մասնակցելու Ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին:
Օգոստոսի վերջաւորութեան տեղի ունենալիք վեհաժողովին մասնակցութեան, վերջերս հրաւէր ստացած էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որուն այդ հրաւէրը յանձնած էր Իրանի ներքին գործոց նախարար Մուսթաֆա Մոհամետ Նաճարին:
CATEGORIES Հայկական

