Ակնարկ. Ինքնախոստովանանք Եւ Ինքնակործանում

Հետաքրքրական է Թուրքիոյ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը, ըստ որուն, Անգարա կը հերքէ թրքական հետախուզական օդանաւին սուրիական ուժերու կողմէ կործանուած ըլլալը:

Դամասկոսը ամբաստանելէ, պատերազմի սպառնալիքներ կատարելէ եւ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ զօրքերու կուտակում ապահովելէ ետք, այժմ` այս յայտարարութիւնը, իբրեւ արդիւնք քրէագիտական փորձաքննութեան:

Մինչ այդ, Անգարա եւ Դամասկոս իրարամերժ յայտարարութիւններ կը կատարէին, ոչ թէ օդանաւի կործանման պատճառ հանդիսացող կողմին մասին, այլ կործանումի տուն տուող պատճառին հիմնաւորումներուն շուրջ: Մինչ Անգարա կը պնդէր, որ օդանաւը կործանուած էր միջազգային ջուրերու սահմաններուն մէջ, Դամասկոս կը շարունակէր յայտարարել, որ թրքական օդանաւը ներխուժած էր իր երկրի օդային տարածք: Սուրիայէն նոյնիսկ հնչած էին պատահածին նկատմամբ ցաւ յայտնելու խօսքեր:

Հերքումը ուրեմն եթէ Դամասկոսէն ըլլար, որոշ տրամաբանութիւն պարփակած կ՛ըլլար: Այժմ ամբաստանող կողմը, պնդողը, որ միջազգային տարածքներու մէջ կործանուած է իր օդանաւը,  կը հերքէ մինչ այժմ իր կատարած յայտարարութիւնները եւ պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ Սուրիոյ ուսերէն:

Ի՞նչ կարելի է հետեւցնել: Կամ այն է, որ թրքական օդանաւը որոշ խանգարումի հետեւանքով ինքնակործանուած է կամ ալ … թրքական հակաօդային հարուածներու զոհ գացած է: Հետաքրքրական է, որ սուրիական արձագանգ ցարդ չկայ Անգարայի այս հերքումին դիմաց:

Այս օրերուն հասարակական վիճակագրութիւններու արդիւնքներ կը հրապարակուէին Թուրքիոյ մէջ` բարձրաձայնելու համար, որ հարցախոյզներու պատասխաններուն մեծ մասը չի բաժներ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը Սուրիոյ նկատմամբ: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն եկող այս հերքումը եւս կարելի է հակադրել Էրտողանի վարած քաղաքականութեան:

Առաջին հայեացքով ներթրքական հակասութիւններով կրնայ մեկնաբանուիլ այս հերքումը եւ քարոզչական առումով նաեւ նման հարցախոյզներու արդիւնքներու հրապարակումը: Չէ բացառուած սակայն, որ ներթրքական համաձայնութեան արդիւնք ըլլայ ցուցադրուող այս հակասութիւնը` զինուորական եւ քաղաքական թեւերու միջեւ կատարուած դերերու բաշխումով:

Այս վարկածը չբացառելու մօտեցումը աւելի հող կը շահի, երբ մտաբերենք պաշտօնական Անգարայի թիւ մէկ դիւանագէտին կատարած յայտարարութիւնը, ուր յոխորտանքներով յատկանշուող պաշտօնատարը յստակօրէն կը խոստովանէր Սուրիոյ նկատմամբ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութեան ձախողութիւնը` յատկապէս վարչակարգը տապալելու ուղղութեամբ:

Ռուսական գործօնի տիրականութի՞ւնը, թէ՞ քրտական շարժումի հաւանականութեան տեսանելիութիւնը կը մղէ Անգարան նման նահանջ արձանագրելու, տակաւին կանուխ է հաստատելը: Յամենայն դէպս նման հերքումներ, նահանջներ կամ ձախողած ըլլալու խոստովանանքներ հետագային առնուելիք քայլերուն վրայ պայման չէ, որ լոյս սփռեն: Ընդհակառակն` կրնան միտիլ ապակողմնորոշման, այլ սադրանքներու նախապատրաստութեան սեմին:

Սուրիական զսպուածութիւնը կամ լուռ մնալը այս բոլորին դիմաց այս առումով ինքնաբացատրական է: Առայժմ յստակը այն է, որ Արեւմուտքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ օղակի սեղմումին եւ ռուսական-չինական վեթոներու միջեւ թրքական երեւութական եւ յայտարարողական նահանջ մը կը նկատուի: Խաբուսի՞կ նահանջ: Անպայմա՛ն:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES