50 Տարի Առաջ ( 16 Յուլիս 1962 )

Ցիր Ու Ցան Հայերը

Կեսարիոյ Կիկի Գիւղին Մէջ
30 Հայ Ընտանիքներ Կ՛ապրին

 

Կեսարիայէն 20 յունիս թուականով կը գրեն.-

Երկար տարիներու աւանդական սովորութեան համաձայն, այս տարի ալ Ս. Եղիայի տօնին առթիւ քաղաքիս վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան ամսոյս 17-ին կեսարացի 50 ուխտագնացներով մեկնեցաւ Պիւնեանէ. 3 ժամ դէպի արեւելք գտնուող բարձրաւանդակին վրայ աւելի քան 300 տարի առաջ հիմնուած Կիկի գիւղի Զօրութիւն լերան բարձունքը. այս լերան լանջերէն բխող Քուրպան Փունարը անուն վայրը: Այստեղ զուտ հայ 30 ընտանիքներէ բաղկացող գիւղացիներու կողմէ իբրեւ մատաղցու բերուած 14 ոչխարի աղօրհնութիւնը եւ զենումը կատարուեցաւ տէր հօր միջոցով, կիրակի առաւօտեան ժամերգութեանց ատեն:

Մինչեւ մատաղին եփիլը շրջակայ Քոյուն Ափթալ գիւղէն հարիւրաւոր թուրք դրացի հայրենակիցներ ալ իրենց հոճային հետ հոն ժամանելով` մեզի հետ միասին անձրեւի աղօթքներ կատարեցին եւ երկուստեք սիրազեղ արտայայտութիւններ եղան եւ ամէնքս միասին կուշտուկուր ճաշակեցինք մատաղի միսը եւ ձաւարով պատրաստուած եղինձը:

Կիրակի եւ երկուշաբթի օր տէր հայրը 7 մկրտութիւն եւ մէկ պսակադրութիւնը կատարեց:

Կիկի գիւղը առաջին եկողը եւ հոն հաստատուողը եղած է Սըլկընի կողմի Սըրատոսն հայ գիւղէն գաղթած հայ մը, որուն յաջորդած են ուրիշ զանազան գիւղերէ գաղթած հայեր, որոնք ընդհանուր պատերազմէն առաջ կազմած են 60 ընտանիքէ բաղկացեալ գիւղ մը: Ասոնց վերջին հոգեւոր հովիւը եղած է տէր Մարգարեան անուն քահանայ մը, որուն գերեզմանը կանգուն կը մնայ դեռ գիւղին գերեզմանատան մէջ, ուր տէր Հայկազուն քահանայ երկուշաբթի օր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց:

Կը կարծուի, որ դարեր առաջ ներկայ Կիկի գիւղին տեղը հաստատուած է եղեր յոյն գիւղ մը, քանի մը հոգեւոր ընտանիքներով: Գիւղին դիրքը շատ բարձր լեռնադաշտ մըն է, ուր կը հոսին պաղորակ աղբիւրներ: Օդն ու ջուրը խիստ առողջարար են կապոյտ ջինջ ու շքեղ երկինքով մը:

 

Տոմսեր

Հովիւ Նախարար Մը

Պոլսակայն թերթերու մէջ կայ լուր մը, որուն համաձայն, իփսալացի հովիւ մը, տրեխով, բաբախով, եւ մուշտակով, գացած է Անգարա եւ յայտարարած, թէ հարիւր ոսկիի փոխարէն պատրաստ է նախարարութեան պաշտօն մը ստանձնելու:

Թուրք նախարարները անմիջապէս իրար անցած են արգիլելու համար հովիւին ներկայութիւնը` Անգարայի մէջ: Նախարար մը, գաւազանը ճօճելով, յայտարարած է` լրագրողի մը գլխուն կեցած.

– Իփսալացի հովիւը պարզապէս ըսել կ՛ուզէ, թէ թուրք ժողովուրդը արջառ եւ հովիւներու պէտք է յանձնել զայն: Կ՛անարգէ թրքութիւնը: Կեաւուր մըն է:

Ուրիշ նախարար մը, մեկուսի ըսած է.

– Այս հովիւը շատ աչքը բաց մարդ ըլլալ կ՛երեւի: Հարիւր ոսկիի ոչինչ գումար մը կ՛ուզէ ամսական, բայց ո՛վ գիտէ` կաշառք ուտելու ի՜նչ ծրագիրներ ունի: Եթէ միայն զիս ալ ընկեր առնէր` առանց ամսականիս դպչելու…

Սակայն վարչապետ Ինէօնիւ, որ վերջերս այնքան դժուարութեամբ հազիւ կրցած էր դահլիճ մը կազմել, իր մօտ հրաւիրելով հովիւը` ըսած է անոր.

– Ես յիսուն տարիէ ի վեր չեմ կրցած թուրք ժողովուրդը կառավարել, իսկ դուն որ բնաւ փորձառութիւն չունիս, ինչպէ՞ս կը համարձակիս:

– Ամբողջ կեանքս գայլերու դէմ կռուելով անցուցած եմ,- կը պատասխանէ հովիւը,- տրեխները սեղմելով:

– Արջերուն դէմ ինչպէ՞ս ես,- կը հարցնէ վարչապետը:

Անգարա հասնելուս միայն տեսայ այդ կենդանիները, ու տակաւին չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կռուիլ անոնց դէմ: Սակայն մէկ ակնարկով այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ եթէ իրենց բերնին մեղր քսուի, պատրաստ են ամէն երգով խաղալու,- կը պատասխանէ հովիւը:

– Եթէ տեսնես, որ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ գայլ մը ոչխար կը բզկտէ, ո՞վ է մեղաւորը:

– Անշուշտ ոչխարն է, տէ՜ր վարչապետ. ան է, որ գայլին ախորժակը գրգռելով կ՛անցնի փողոցէն, եւ խեղճ, զրկուած գայլը իր վրայ յարձակելու կը մղէ:

– Ապրիս, օղլում, դուն վաղուընէ նախարար ես, հոգ մի՛ ըներ,- կը պատասխանէ վարչապետը` իփսալացի հովիւին առաքելութիւնը ի կատար ածելով…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES