Բնութիւն Եւ Մարդ. Նեղ Տեղի Մէջ Սեղմուած Բոյսեր Լաւ Չեն Աճիր

«Էմ. Առ. Այ.»-ով առնուած նկարներ ցոյց կու տան, թէ ինչպէս գարին (ձախին) եւ շաքարեղէգը (աջին) կը դասաւորեն իրենց արմատները:

… ԱՆՈՆՑ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ ՏԵՒԱԲԱՐ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆ ՆՈՐ ՏԵՂ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԲՈՅՍԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ  ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԷ ՀԵՌՈՒ`  ԿԸ ՄԻՏԻ ՀԱՍԿՆԱԼ ԹԱՂԱՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԱՇԿԱՆԴՈՒԱԾ ԲՈՅՍԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԸ: ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԹՈՒԻԼ ՏՆԱՅԻՆ ԲՈՅՍԵՐՈՒ ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ… ՆՈՅՆԻՍԿ` ԽՂՃԱՀԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ ԶԱՆՈՆՔ…

Ուսումնասիրողներ օգտագործած են բժշկագիտութեան մէջ մագնիսական թրթռացումներով նկարելու արհեստագիտական միջոց մը («Էմ. Առ. Այ.»)` թաղարի մէջ զետեղուած բոյսերու արմատներուն պատկերը ունենալու համար:

Նկարներուն ուսումնասիրութենէն ի յայտ եկած է, թէ բոյսերուն արմատները «կը զգան թաղարի մը չափը» եւ կը սահմանափակեն բոյսին աճը:

Յայտնաբերումները ներկայացուած են Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքին մէջ Փորձառական կենսաբանութեան ընկերութեան տարեկան հանդիպումին առիթով:

Ուսումնասիրութիւնը գլխաւորած պատասխանատուն` Գերմանիոյ Եուլիխ ուսումնասիրական կեդրոնի գիտաշխատող Հենրիխ Փուրթըր կ՛ըսէ, թէ ուսումնասիրութեան արդիւնքը տեսնելէ անմիջապէս ետք փոխած է իր տան բոյսերուն բոլոր թաղարները:

«Մտածեցի` խե՜ղճ բոյսեր, ի՛նչ վիճակի մատնած եմ ձեզ», կը յիշէ ան:

Գիտնականները իրենց աշխատանքը կեդրոնացուցած են շաքարեղէգի եւ գարիի «Էմ. Առ. Այ.»-ով առնուած նկարներուն ուսումնասիրութեան վրայ:

Փուրթըրի պաշտօնակից Տակմար վան Տուսչոթըն նկարած է բոյսերուն արմատները` օգտագործելով բժշկագիտական մարզին յատուկ «Էմ. Առ. Այ.»-ի արհեստագիտութիւնը, որ այս պարագային` ցոյց տուած է արմատներուն մէջ գտնուող ջուրի մոլեքիւլները:

Ուսումնասիրողները կազմած են արմատներուն կառոյցը պատկերող երեք տարաչափութեամբ նկար մը, որ ցոյց կու տայ, թէ արմատները ինչպէ՛ս կ՛երկարին դէպի թաղարներուն արտաքին սահմանները: Գիտական ուսումնասիրութեան մը մէջ առաջին անգամ ըլլալով ի յայտ կու գար, թէ որքա՛ն կաշկանդուած են թաղարներու մէջ ցանուած բոյսերը:

Տարբեր տեսակի 80 բոյսերու վրայ փորձարկութիւններ կատարելէ ետք ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ թաղարի մը չափը մեծցնելը առիթ կու տայ բոյսին, որ անիկա իր կէս հասակին չափ աճի դարձեալ:

«Իսկ զարմանալին այն է, թէ յայտնապէս թաղարի վերջնական չափ մը գոյութիւն չունի», կը բացատրէ Փուրթըր:

«Իւրաքանչիւր բուսատեսակ քննելէ ետք նկատեցինք, թէ թաղարին չափը կը սահմանափակէր անոր աճը»:

Ուրախ Բոյսեր

Գիտնականները կը բացատրեն, թէ հունտեր ցանելէ երկու շաբաթ ետք բոյսի մը արմատները կը սկսին երկարիլ դէպի թաղարին եզերքը, եւ այնուհետեւ «հարցը կը սկսի»:

«Երբ արմատները կը հասնին թաղարին ծայրը, նշան մը կ՛ուղարկեն բոյսին` ըսելու համար, որ` «հարց մը կայ այստեղ, մի՛ աճիր», կը բացատրէ Փուրթըր:

Գիտնականներուն ուսումնասիրած իւրաքանչիւր բոյսը փորձած է դուրս փախչիլ իր թաղարէն. անոնց արմատներուն աւելի քան 75 առ հարիւրը կը գտնուէր թաղարէն դուրս:

«Թաղարին ներքնամասը հազիւ կ՛օգտագործուի», կ՛ըսէ Փուրթըր:

Անցեալին այս մարզին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններ դարձեալ կեդրոնացած են թաղարին չափին վրայ, սակայն անոնք կը ծառայէին ի յայտ բերելու, թէ բոյս մը որքա՛ն փոքր թաղարի մը մէջ կրնար աճիլ: Ուսումնասիրողները կը փորձէին գիտնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի էր առեւտրական նպատակներով մէկ քառ. մեթրի մէջ աճեցնել առաւելագոյն թիւով բոյսեր:

«Իսկ մենք կ՛ուզենք ուրախ պահել բոյսերը, որքան որ կարելի է», կ՛ըսէ Փուրթըր:

Թէեւ ասիկա զգացական կրնայ թուիլ, սակայն բոյսի մը կարողականութիւնը հասկնալը կարեւոր է այն գիտնականներուն համար, որոնք կ՛ուսումնասիրեն զանոնք: Անիկա ի յայտ կը բերէ, թէ ինչպիսի՛ զուգահեռներ կարելի է գծել գիտաշխատանոցի մը մէջ փորձարկուած բոյսերու եւ բնութեան մէջ աճող բոյսերու միջեւ:

«Նոյնիսկ ամէնէն մեծ թաղարը բաւարար չէ սահմանափակելու համար բոյսի մը աճը», կ՛ըսէ Փուրթըր:

Շեֆիլտի համալսարանի դասախօս Անտրու Ֆլեմինկի համաձայն, «Էմ. Առ. Այ.»-ի օգտագործումը բոյսերը ուսումնասիրելու «կոկիկ ձեւ մըն է»:

«Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս նկարելու նոր եւ կենդանի ձեւ մը կրնայ ընձեռել նոր գիտելիքներ` բոյսերու աճման վերաբերեալ», կ՛ըսէ ան:

 

Տնային Բոյսերու Դրախտը

Ծանօթ է, որ տնային բոյսեր, ինչպէս` ֆլամինկօ շուշաններ եւ կարմիր եզերքով տրաքենաներ կը չէզոքացնեն տուներու մէջ գոյացած ապականիչ տարրերը, որոնք կու գան պատերու ներկէն, հականեխիչներէն եւ արուեստական նիւթերով շինուած կահոյքէն:

Տան մը մէջ լոյսի աստիճանը կը նմանի արեւադարձային կամ ենթաարեւադարձային անտառի մը շուքին, ուրկէ եղափոխուած է այսօրուան տնային բոյսերուն մեծ մասը:

Եթէ տնային բոյս մը չափէն աւելի մեծցած է, կարելի է յօտել անոր արմատները` գաճաճ պահելու համար զայն:

Ա՛յն բոյսերը, որոնք կ՛աճին իրենց չափէն աւելի մեծ թաղարներու մէջ, հակամէտ են տառապելու արմատները հարուածող հիւանդութիւններէ` հողին մէջ պահուած յաւելալ խոնաւութեան պատճառով:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES