Բնութիւն Եւ Մարդ. Սխալած Էինք` Մտածելով, Թէ Քարիւղի Աղբիւրները Կը Սպառէին. Տակաւին Բաւարար Քարիւղ Կայ` Տապկելու Բոլորս

Կեանքի բեղուն ծաղկումը անցեալին, որմէ ծնունդ առած էր հրավառ բնածուխը, այժմ կը սպառնայ ներկայ կեանքի բեղուն աճին:
ՔԱՐԻՒՂԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ԱՃԸ ԾԱՂՐԱՆՔԻ ԱՌԱՐԿԱՅ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՄԵՐ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ԱՍԻԿԱ ԼԱՒ ԼՈՒՐ ՄԸՆ Է ԴՐԱՄԱՏԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԱՄԱՐ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՂԷՏ ՄԸ` ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ: ԱՅՍՊԷՍ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿ ՃՈՐՃ ՄՈՆԻՊԻՈԹ, ՈՐ «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՍԽԱԼ ԿԱՆԽԱԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՎԵՐՋԸ ՆՇՈՂ ԱՂԷՏԻ ՄԸ ՉԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆ ՆԱԵՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎՐԱՅ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ՉԱՐԱՉԱՐ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՄԻ ՎՏԱՆԳԷՆ:
Ապացոյցները փոխուած են: Այժմ մենք եւս պէտք է փոխուինք: Վերջին 10 տարիներուն երկրաբաններ, քարիւղի հանքեր պեղողներ, դրամատէրեր, զինուորական ռազմագէտներ եւ կենսոլորտի մասնագէտներ անսպասելի միաձայնութեամբ մը կը զգուշացնէին, թէ քարիւղի համաշխարհային աղբիւրներու սպառումը միայն քայլ մը անդին էր: Այսպէս հաւատալու բազմաթիւ պատճառներ ունէինք. քարիւղի արտադրութիւնը դանդաղած էր, գիները սուր մագլցում արձանագրած էին, վատնումը համատարած էր եւ յայտնապէս կ՛աւելնար: Կը թուէր, թէ ո՛ւր որ է, պիտի զգայինք առաջին հարուածը քարիւղի աղբիւրներու ապառումէն յառաջացած տագնապին:
Կենսոլորտի մասնագէտներու համար, նոյնիսկ` մեզի, երբեք յստակ չէր, թէ արդեօք պիտի ուզէի՞նք, որ նման բան մը պատահէր: Ասիկա միաժամանակ կը ցնցէր աշխարհը` զայն առաջնորդելով տնտեսական կերպարանափոխութեան, կը ծառայէր կանխելու ապագայի աղէտներ, կը սպառնար ստեղծել իրմէ բխած աղէտներ, ներառեալ` աւելի աւերիչ արհեստագիտական միջոցներու որդեգրում, ինչպէս` կենսավառելանիւթեր (պայոֆիուլ) եւ ածուխէ հանուած վառելանիւթ: Այսուհանդերձ, քարիւղի աղբիւրներու սպառումի վտանգը հզօր լծակ մըն էր: Կը յուսայինք, որ պետութիւններ, գործառնութիւններ եւ քուէարկողներ, որոնք անդրդուելի էին բրածոյ վառելանիւթերու օգտագործումը սահմանափակելու բարոյական յորդորներուն դիմաց, գէթ պիտի հակազդէին տնտեսական աղէտի մը վտանգին:
Մեզմէ ոմանք կը կատարէին աղօտ նախատեսութիւններ, ուրիշներ կը կատարէին աւելի մասնայատուկ մատնանշումներ: Բոլոր պարագաներուն ալ սխալած էինք: 1975-ին Մ.Ք. Հիւպըրթ` երկրաբան մը, որ կը ծառայէր «Շել» ընկերութեան, եւ որ ճիշդ ձեւով նախատեսած էր Միացեալ Նահանգներու քարիւղի արտադրութեան անկումը, ըսած էր, թէ քարիւղի համաշխարհային աղբիւրներու սպառումը իր գագաթնակէտին պիտի հասնէր 1995-ին: Քարիւղի մասնագէտ երկրաբան Քոլին Քամփպել 1997-ին յայտարարած էր, թէ այս մէկը տեղի պիտի ունենար 2010-ին: Երկրաբան-բնագէտ Քենեթ Տեֆայզ 2003-ին «99 առ հարիւր համեմատութեամբ վստահ էր», թէ քարիւղի աղբիւրներու սպառումը իր գագաթնակէտին պիտի հասնէր 2004-ին: Թեքսասի մէջ մեծահարուստ գործատէր Թի. Պուն Փիքընզ 2004-ին նախատեսած էր, թէ` «այնուհետեւ երբեք պիտի չկարենանք օրական աւելի քան 82 միլիոն տակառ հեղուկ վառելանիւթ արտաբերել» (2012-ի մայիսին արտադրութիւնը միջին հաշուով օրական 91 միլիոն էր): 2005-ին դրամատնային շահարկումներու ընկերութեան հիմնադիր Մաթիւ Սիմընզ ըսած էր. «Սէուտական Արաբիա… չի կրնար նիւթապէս ընդարձակել քարիւղի իր արտադրութիւնը» (այնուհետեւ քարիւղի արտադրութիւնը այս երկրին մէջ օրական 9 միլիոն տակառէն բարձրացած է 10 միլիոն տակառի եւ տակաւին կրնայ արձանագրել 1.5 միլիոն տակառի աճ մը):
Այլ խօսքով` քարիւղի աղբիւրներու սպառումը իր գագաթնակէտին չէ հասած եւ հաւանական չէ, որ հասնի տակաւին երկար ժամանակ:
Քարիւղի մասնագէտ Լէոնարտօ Մաճերիի մէկ տեղեկագիրը, որ հրատարակուած է Հարվըրտի համալսարանին կողմէ, կ՛ընձեռէ համոզիչ ապացոյցներ` քարիւղի արտադրութեան նոր թափի մը վերաբերեալ: Յայտնապէս վերջին 10 տարիներուն քարիւղի արտադրութեան վրայ ի գործ դրուած ճնշումները աւելի կապ ունէին դրամի հետ, քան` երկրաբանութեան: 2003-էն առաջ արձանագրուած ցած գիները քաջալերական չէին շահարկողներու համար, որպէսզի անոնք սկսէին պեղել աւելի դժուար հասանելի քարիւղի հանքեր: Վերջին քանի մը տարիներու բարձր գիները շրջած են այս պատկերը:
Մաճերի վերլուծած է 23 երկիրներու մէջ ի գործ դրուող քարիւղի ծրագիրներ: Անոր ուսումնասիրութիւնը մտածել կու տայ, թէ քարիւղի համաշխարհային արտադրութիւնը հաւանական է, որ աւելնայ օրական 17 տակառով եւ մինչեւ 2020 թուականը քարիւղի արտադրութիւնը հասնի օրական 110 տակառի: «Ասիկա 1980-ական տարիներէն ի վեր մեծագոյն յաւելումը պիտի ըլլայ աշխարհի քարիւղի արտադրութեան մէջ», կը գրէ ան: Այս աճը իրականացնելու անհրաժեշտ շահարկումները կախեալ են երկար ժամանակի վրայ տակառ մը քարիւղին գինը 70 տոլարի շուրջ պահելու յաջողութենէն: Ներկայիս Պրենթ Քրուտ ընկերութեան արտադրած տակառ մը քարիւղին գինը 95 տոլար է: Այժմ դրամ կը հոսի քարիւղի նոր պահեստներու արտադրութեան մէջ. վերջին երկու տարիներուն ծախսուած է մէկ թրիլիոն տոլար, իսկ 2012-ին ցարդ ծախսուած է 600 միլիառ տոլար:
Քարիւղի արտադրութիւնը ամէնէն աւելի հաւանական է, որ մագլցի Իրաքի մէջ, ուր բազմազգեան ընկերութիւններ այժմ կը թափանցեն իրենց դրամով եւ ժանիգներով: Սակայն աւելի մեծ անակնկալը այն է, որ քարիւղի արտադրութեան յաջորդ մագլցումը պիտի արձանագրուի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հիւպըրթի հռչակաւոր զանգակաձեւ գծապատկերը, որ ցոյց կու տայ ամերիկեան քարիւղի արտադրութեան մագլցումն ու անկումը, շատ հաւանական է, որ ենթարկուի յանկարծակի վերիվայրումներու:
Միացեալ Նահանգներու մէջ շահարկումները պիտի կեդրոնանան քարիւղի ոչ աւանդական հանքերու վրայ, մասնաւորաբար` փխրաքարի (շէյլ) քարիւղին, որ բարձրորակ հում քարիւղի տեսակ մըն է, թաքնուած` փխրաքարի ժայռերու մէջ, ուրկէ բնական ձեւով չի հոսիր:

Հիւսիսային Տաքոթայի մէջ Պաքենի փխրաքարերը գրեթէ նոյնքան քարիւղ կը պարունակեն, որքան` Սէուտական Արաբիոյ հանքերը
Այժմ արդէն գիտենք, թէ քարիւղի վիթխարի պահեստներ գոյութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Որոշ հաշուարկումներու համաձայն, Հիւսիսային Տաքոթայի մէջ Պաքենի փխրաքարերը գրեթէ նոյնքան քարիւղ կը պարունակեն, որքան` Սէուտական Արաբիոյ հանքերը, թէեւ նուազ քանակութեամբ կարելի է արտաբերել փխրաքարերու քարիւղը: Իսկ Պաքենի փխրաքարերու պահեստը միայն մէկն է Միացեալ Նահանգներու տարածքին գտնուող նմանօրինակ 20 այլ պահեստներէ: Փխրաքարերու քարիւղը արտահանելը կը պահանջէ հորիզոնական ձեւով ժայռերը փորելու եւ կտրատելու աշխատանք: Քարիւղի բարձր գիները, ինչպէս նաեւ արհեստագիտական մարզին մէջ իրականացած կատարելագործումները կարելի կը դարձնեն այս հանքերուն տնտեսական շահարկումը: Հիւսիսային Տաքոթայի մէջ քարիւղի արտադրութիւնը օրական 100 հազար տակառ էր 2005-ին, այս տարուան յունուարին արտադրութեան քանակը բարձրացած էր օրական 550 հազարի:
Այժմ հասած ենք այստեղ. քարիւղի աղբիւրներու ի սպառ անհետացումը, որ կը սպառնար ոչնչացնել այն մեքենաները, որոնք պատճառ կը դառնային նոյնինքն այս աղբիւրներուն կորուստին, այսինքն` այն վտանգը, զոր կը նախատեսէին կենսոլորտի բազմաթիւ մասնագէտներ, իրականութիւն պիտի չդառնայ: Մեր դիմագրաւած հարցը քարիւղի աղբիւրներու սահմանափակ քանակը չէ, այլ` անոնց առատութիւնը:
Կը լսենք հակասական կարծիքներ` ապրող երկրագունդին կեանքին սպառնացող վտանգներուն մասին, ինչպէս նաեւ` ճարտարարուեստական քաղաքակրթութեան գոյատեւումին: Այս երկուքը նոյն բաները չեն: Ճարտարարուեստն ու սպառողականութեան վրայ հիմնուած դրամատիրութիւնը կը գործեն քարիւղի առատ աղբիւրներու ընձեռած զօրութեամբ եւ շատ աւելի ճկուն են, քան` բնութեան մէջ տիրող բազմաթիւ դրութիւններ, որոնց գոյութիւնը կը վտանգեն: Կեանքի բեղուն ծաղկումը անցեալին, որմէ ծնունդ առած էր հրավառ բնածուխը, այժմ կը սպառնայ ներկայ կեանքի բեղուն աճին:
Գետնին տակ տակաւին բաւարար քարիւղ կայ մեզմէ շատերը լաւ մը տապկելու համար: Նաեւ ոչ մէկ բացայայտ պատճառ կայ թոյլ չտալու, որ պետութիւններ եւ ճարտարարուեստի մարզեր այս քարիւղը պահեն գետնին տակ: 20 տարիէ ի վեր ի գործ դրուած այն ճիգերը, որոնք կը միտին բարոյական համոզումով կանխարգիլելու երկրագունդի ջերմացումը, ի վերջոյ ձախողեցան անցեալ ամիս, երբ փուլ եկան Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ այս հարցին վերաբերող բազմակողմանի գործընթացները: Աշխարհի ամէնէն հզօր երկիրը անգամ մը եւս կը դառնայ քարիւղ արտադրող երկիր մը, իսկ եթէ նկատի ունենանք անոր հիւսիսի դրացիին քաղաքական կերպարանափոխութիւնը, ապա կը թուի, թէ արդիւնքը այնքան ալ հաճելի չէ:
Կը թուի, թէ մարդկութիւնը կը նմանի Կիէմօ տել Թորոսի գլուխ գործոց «Փեն՛զ լապիրինթ» ժապաւէնին մէջ պատկերուած աղջկան. ան գիտէ, որ եթէ ճաշակէ իր դիմաց սփռուած համադամ ուտելիքները, ինք եւս կուլ պիտի դառնայ, սակայն չի կրնար դիմադրել փորձութեան: Չեմ սիրեր ստեղծել հարցեր, երբ լուծումներ չեմ տեսներ: Սակայն այս պահուս չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կրնամ նայիլ իմ զաւակներուս աչքերուն մէջ:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

