ՀԲԸՄ Միութեան «Տեմիրճեան» Կեդրոնի «Միօրեայ Վարժարան»-ի Տարեվերջի Հանդէսը
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Տեմիրճեան» կեդրոնի հայոց լեզուի Միօրեայ վարժարանը այս տարի եւս յաջողութեամբ բոլորեց տարեշրջանը: Ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 31 յունիս 2012-ին, ՀԲԸ Միութեան «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:
Հանդէսը սկսաւ Հայաստանի քայլերգով:
Բացման խօսքը արտասանեց վեցերորդ դասարանի աշակերտուհի Գալին Տալտալեանը, որ իր խօսքին մէջ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ ուսուցչուհի Յասմիկ Աւետիքեանին տարած ժրաջան աշխատանքին մասին` յիշելով, թէ ճիշդ է, որ ինք եւ իր դասընկերները չեն յաճախեր հայկական վարժարաններ, սակայն, շնորհիւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցման, ծանօթացան մեր տաղաւար տօներուն, Թարգմանչացին, Համբարձումին եւ հարուստ հայոց պատմութեան:
Բեմ բարձրացան Կոկոնէն հինգերորդ դասարաններու աշակերտները, որոնք հակիրճ ձեւով ծնողներուն հրամցուցին պտղունց մը իրենց ինը ամիսներու ամբարած պաշարէն: Անոնք երգեցին մեր հրաշք հայրենիքը, հայ գիրն ու հայ տպագրութեան 500-ամեակը, գովաբանեցին մեր մշակոյթը, պարն ու արուեստը, ծանօթացուցին նուագարանները` քնարը, դաշնակն ու ջութակը` թէ՛ ոտանաւորով եւ թէ՛ նուագով: Ապա ներկայացուցին գոյներու աշխարհը` հաստատելով, որ իրենց նախընտրած գոյներն են` կարմիրը, կապոյտը եւ ծիրանագոյնը` մեր պանծալի հայրենիքին դրօշակին գոյները:
Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Կոկոն, առաջին, երկրորդ, երրորդ, չորրորդ եւ հինգերորդ դասարաններու աշակերտները, ապա` Ծաղիկ դասարանի աշակերտները` իրենց յատուկ տարազներով, ստանալու համար իրենց վկայականները:
Յ. Աւետիքեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն` հայ մանուկը դաստիարակելու եւ անոր մէջ դրսեւորելու մեսրոպաշունչ ոգին:
ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնի հայոց լեզուի 15-ամեայ Միօրեայ վարժարանին սրտագին կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ:
Թող երկար ապրին հայ լեզուն ու մշակոյթը:
ԹՂԹԱԿԻՑ

