Ա. Սէ. Միլան Իպրահիմովիչն Ու Թիակօ Սիլվան Կը Ծախէ Փարիզ Սեն Ժերմենի

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ իտալական մամուլին, Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէր Սիլվիօ Պերլուսքոնի համաձայնած է ծախել ակումբին մարզիկներէն երկուքը` յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչն ու միջնապահ Թիակօ Սիլվան` Փարիզ Սեն Ժերմենի:

Պերլուսքոնիի համաձայն, ան իր երկու մարզիկները ծախելով երկու տարուան ընթացքին խնայած պիտի ըլլայ 150 միլիոն եւրօ:

Կը կարծուի, որ այդ երկու մարզիկներուն փոխանցումը ֆրանսական կազմին պիտի արժէ 65 միլիոն եւրօ:

Ա. Սէ. Միլան, որ Քալչիոյի 2011-2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան տիտղոսը կորսնցուց ի նպաստ Եուվենթուսի, արդէն իսկ ծախած է շարք մը մարզիկներ, որոնց կարգին` Կենարօ Կաթուզօ, Ֆիլիփօ Ինցակի, Ճիանլուքա Զամպրոթթա եւ Մարք Վան Պոմել:

Share this Article
CATEGORIES