Թուր Տը Ֆրանս. Միլար Տիրացաւ 12-րդ Հանգրուանի Մրցումին. Ուիկինզ Իր Մօտ Կը Պահէ Դեղին Շապիկը

Տէյվիտ Միլար

Երէկ` ուրբաթ, 13 յուլիսին, տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումը, որ սկսաւ Սենթ – Ժան տը- Մորիենէն Աննոնայէն Տաւեզիէօ (226 քմ):

Անիկա աւարտեցաւ անգլիացի հեծելանւորդ Տէյվիտ Միլարի յաղթանակով. ան ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 5 ժամ 42′ 46″ արդիւնք մը: Անոր նման նոյն արդիւնքը արձանագրելով երկրորդ դիրքը գրաւեց Ժան-Քրիսթոֆ Փերօ (Ֆրանսա): Էկուա Մարթինես (Սպանիա), որ 5″ ուշացումով հասաւ ժամանման գիծ, գրաւեց երրորդ դիրքը:

Նշենք, որ Միլար այսպիսով արձանագրեց այս շրջավազքին իր չորրորդ յաղթանակը, ինչպէս նաեւ` Անգլիոյ համար:

Պրետլի Ուիկինզ

Ինչ կը վերաբերի հեծելանւորդներու ընդհանուր դասաւորման, առաջին դիրքին կառչած մնալով դեղին շապիկը իր մօտ կը շարունակէ պահել անգլիացի Պրետլի Ուիկինզ, որ արձանագրած է 54 ժամ 34′ 33″ արդիւնք մը: Անոր ետին 2-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի այլ անգլիացի մը` Քրիսթաֆըր Ֆրում, որ արձանագրած է 54 ժամ 36′ 38″ արդիւնք մը, իսկ երրորդ դիրքը 2′ 23″ ուշացումով կը գրաւէ Վենչենցօ Նիպալի:

Ինչ կը վերաբերի լեռնային դասաւորման,  առաջին դիրքի վրայ Ֆրետրիք Քեսիաքով (60 կէտ), իսկ կանաչ կէտերու դասաւորման մէջ առաջին դիրքը 252 կէտով կը գրաւէ Փիթըր Սական:

Վերջապէս, խումբերու դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Էյ. Ճի. 2. Ար` 17 ժամ 24′ 06″: Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Ասթանա Փրօ Թիմ (17 ժամ 24′ 34″), իսկ երրորդ դիրքը` Թիմ Եուրոփքար (17 ժամ 26′ 32”):

 

Share this Article
CATEGORIES