ՖԻՏԷ-ի Նախագահը Չէ Ընդունած Թուրք Փոխնախագահին Հրաժարականը

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնէն` «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի (ՖԻՏԷ) նախագահ Քիրսան Իլիումժինով չէ ընդունած ՖԻՏԷ-ի փոխնախագահ, Թուրքիոյ ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Ալի Նիհատ Եազըճըի ներկայացուցած հրաժարականը:

Պատասխանելով Եազըճըի նամակին` Իլիումժինով ըսած է, որ պատճառ չի տեսներ անոր հրաժարականին համար եւ վստահ է, որ ան տակաւին յաջողութեամբ պիտի աշխատի իր պաշտօնին մէջ:

Նշենք, որ Եազըճը իր հրաժարականը ՖԻՏԷ-ին ներկայացուցած էր, երբ Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա, Ֆրանսա եւ այլ շարք մը երկիրներ որոշած էին իրենց իրաւարարները չղրկել Պոլիս, ուր տեղի պիտի ունենայ Ճատրակի միջազգային ողիմպիականը:

 

Share this Article
CATEGORIES