Լոնտոն 2012. Ամերիկացի Աղջիկները Գերազանցեցին Տղաքը

PanArmenian. Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք 2012-ի ողիմպիական խաղերուն պիտի մասնակցի 530 մարզիկներով:

Անոր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աղջիկները կը գերազանցեն տղաքը` նկատի ունենալով4 որ անոնց թիւն է 269, իսկ տղոցը` 261:

Միացեալ Նահանգներու ողիմպիական կոմիտէի գործադիր տնօրէն Սքոթ Պլեքման այս յայտարարութիւնը կատարած է լրագրողներուն հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին` ըսելով, որ ասիկա փաստ մըն է, որ ամերիկեան մարզաշխարհին մէջ տղաքն ու աղջիկները հաւասար իրաւունքներ ունին:

Ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կազմող 228 մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը բերած են նախորդ ողիմպիական խաղերուն: Անոնցմէ 76-ը ողիմպիական խաղերու ախոյեաններ են, իսկ 124-ը` մետալակիրներ:

Share this Article
CATEGORIES