Լոնտոն-2012. 3500 Յաւելեալ Զինուորականներ Պիտի Աւելնան Հսկելու Ապահովութեան
Անգլիոյ կառավարութիւնը իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին նշեց, որ 3500 յաւելեալ զինուորականներ պիտի տրամադրուին` շատ աւելի մօտէն հսկելու ապահովութեան` 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին, կը յայտնէ «Պի. Պի. Սի.»:
Լուրը, որ հրապարակած է PanArmenian .Net լրատուական կայքէջը, կ՛աւելցնէ, որ այս հարցը ի յայտ եկած է, երբ զգացուած է որակաւոր մասնագէտներու պակաս:
Նշենք, որ ողիմպիական խաղերը պիտի սկսին 27 յուլիսին եւ պիտի աւարտին 12 օգոստոսին:
Այլ գետնի վրայ, փորձառու տնտեսագէտներ կը յայտնեն, որ ողիմպիական խաղերուն Անգլիոյ մէջ կայացումը մեծապէս պիտի նպաստէ, որ երկիրը միլիոնաւոր տոլարներու շահ մը ապահովէ զբօսաշրջիկներուն Լոնտոն ժամանումով:
CATEGORIES Մարզական

