Յառաջիկայ Հոկտեմբերի Երկրորդ Կիսուն Հայաստան-Սուրիա Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցո՞ւմ

Իր լուրերը քաղելով սուրիական մամուլէն Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ հոկտեմբերի երկրորդ կիսուն ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը տեղի ունենայ Սուրիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ:

Կը կարծուի, որ երկու ֆետերասիոնները այժմ իրարու հետ նախնական համաձայնութիւն ձեռք ձգած են: Կը մնայ որոշել միայն մրցումին վայրը եւ ժամը:

Անոնք կ՛ուզեն, որ այս մրցումը ըլլայ այն օրը, որ ՖԻՖԱ-ին կողմէ ճշդուած է միջազգային բարեկամական մրցումներ կատարելու համար:

Նշենք, որ 12 հոկտեմբերին Հայաստան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Երեւանի մէջ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Իտալիան:

Սուրիա, որ նախանցեալ օր ունեցաւ իր նոր մարզիչը` Մարուան Խուրին, դժուար թէ կարենայ այս մրցումը իր հողերուն վրայ հիւրընկալել` նկատի ունենալով, որ երկիրը ներքին տագնապ կը դիմագրաւէ:

Share this Article
CATEGORIES