Լոնտոն-2012. Հայաստանի Մարզիկները Ընդգրկուած Են Մետալներու Տիրացողներուն Ցանկին Մէջ
Միջազգային փորձառու մասնագէտներու համաձայն, 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն Հայաստանէն 5 մարզիկներ ընդգրկուած են ցանկին մէջ այն մարզիկներուն, որոնք մետալներու կրնան տիրանալ, կը յայտնէ «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը:
Այդ հինգն են ծանրաբարձներ Առաքել Միրզոյեան (69 քկ), Տիգրան Մարտիրոսեան (77 քկ), յունահռոմէական ոճի երկու ըմբիշներ Արսէն Ջուլֆալակեան (74 քկ) եւ Եուրի Պատրիկէեւ (120 քկ), ինչպէս նաեւ որոշ վերապահումներով ժիւտոյիստ Յովհաննէս Դաւթեան (60 քկ):
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պատասխանատուներէն Լիովա Վարդանեան կը յայտնէ, որ նախօրօք այսպիսի նախատեսութիւններ եւ ենթադրութիւններ կատարելը կրնայ այդքան ալ իրականութեան չհամապատասխանել:
Սակայն ան այդ ցանկին վրայ եկաւ աւելցնելու հետեւեալ մարզիկներուն անունները. թեքուանտոյիստ Արման Երեմեան (80 քկ), ազատ ոճ` Միհրան Ջափուրեան (55 քկ), կռփամարտիկ Անդրանիկ Յակոբեան (75 քկ) եւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան:
Վարդանեան նշեց, որ կան այլ մարզիկներ եւս, որոնք ի վիճակի են անակնկալներ ստեղծելու:
Սակայն նախարարութեան ներկայացուցիչը յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի մարզիկները Լոնտոնէն առանց մետալի տուն պիտի չվերադառնան:

