ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԷՅՐՈՒԹ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄՐՑՈՒՄԸ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 14 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Անոր ընթացքին Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Անդրանիկ Պէյրութը:
Երկու կազմերուն միջեւ առաջին հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, աւարտեցաւ դաշտին տէրերուն յաղթանակով` 54-42 արդիւնքով:
Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական