Ազրպէյճան Շարք Մը Դեսպաններ Տուն Կը Կանչէ

1news.az լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած է հրաման մը, որուն միջոցով Խըրխըզիստանի, Մարոքի, Սենեկալի, Մալիի, Կամպիոյ եւ Փորթուգալի մէջ Ազրպէյճանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանները տուն կը կանչուին:

Տուն կանչուած է նաեւ Յորդանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Էլման Համտօղլու Արաշլին:

Լրատու գործակալութիւնը տեղեկութիւններ չի հաղորդեր դեսպաններու նման զանգուածային փոփոխութիւններու պատճառներուն մասին:

Share this Article
CATEGORIES