Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին դերակատարութեան մասին կատարելու հանրաքուէ մը, որուն նպատակն է դրական «ցնցում» պատճառել բոլոր լիբանանցիներուն:
2006-ի յուլիսեան պատերազմին արձանագրուած յաղթանակին առիթով Արսլան շնորհաւորեց լիբանանցի ժողովուրդը:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի Թիրէ գիւղաքաղաքին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող պելճիքական զօրամասին պատկանող հրասայլ մը ենթարկուեցաւ արկածի, որուն պատճառով վիրաւորուեցան երեք զինուորներ եւ փոխադրուեցան հիւանդանոց:
ԱՄԱԼ շարժումի նախագահական խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան մերժեց լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնել` շեշտելով, որ նման արարք մը կատարել կը նշանակէ Լիբանանի սրտին տրոփիւնը թիրախ դարձնել:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի մնայ եւ իր աշխատանքները պիտի շարունակէ զինք բաղկացնող տարրերուն կամքով եւ փափաքով, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած իր մեծամասնութեամբ:
ԶԱՀԼԷԻ երեսփոխանները դրուատեցին լիբանանեան բանակը լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանին մէջ դիրքաւորելու որոշումը: Անոնք ողջունեցին լիբանանեան բանակին կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ բանակը պիտի արգիլէ զինեալ երեւոյթները, զէնքի մաքսանենգումը, զինեալներու սահմանախախտումը, ինչպէս նաեւ կրակոցներուն ուղղակի պատասխանելու որոշումները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը լիբանանեան անհրաժեշտութիւն մըն է` ազատագրելու լիբանանեան բռնագրաւուած բոլոր հողերը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը պահպանելու, որովհետեւ անիկա երկրին ազգային միասնականութեան եւ երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանման միակ երաշխիքն է:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի Հըզպալլայի հիմնական պատասխանատու Ահմետ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է համախմբուին եւ երկխօսութիւն կատարեն իրենց երկիրը պահպանելու միջոցներուն շուրջ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ լիբանանեան կարգ մը քաղաքական կողմերու համար գերագոյն նպատակի վերածուած է երկրին իշխանութեան վերատիրացումը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք կոչ ուղղեց դատավարութեան կանչելու այն անձնաւորութիւններն ու կողմերը, որոնք 2006-ին իրենց գրաւը դրած էին Լիբանանի պարտութեան վրայ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փարիզ կը սերտէ լիբանանեան բանակին ՀՈԹ տիպի ֆրանսական հրթիռներ յանձնելու կարելիութիւնները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց հիմնելու համախոհական պետութիւն մը` առանց ապօրինի զէնքի գոյութեան:

