«Քրիստոնեաները Պէտք Է Արմատանան Միջին Արեւելքի Մէջ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանդիսապետեց Ժեհիթայի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց քիրստոնեայ համայնքի զաւակներուն եւ յատկապէս մարոնիներուն` Միջին Արեւելքի մէջ իրենց արմատները ամրապնդելու: Ան շեշտեց, որ այս է քրիստոնեայ համայնքին փոխանցած հիմնական պատգամը:
Պատարագին ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, մեծ թիւով պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելը:
Հանդիպումէն ետք Շարպել մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Նշենք, որ շաբաթավերջին Ռայի պատրիարքին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ արձանագրուած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին Պըրրի Ռայի պատրիարքին բացատրած է Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հարցին մանրամասնութիւնները:

