Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Ղասսան Թուէյնիի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Հոգեհանգստեան արարողութենէն պահ մը

Էշրեֆիէի Ս. Տիմիթրիոս եկեղեցւոյ մէջ, անցեալ շաբաթավերջին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նախկին երեսփոխան, «Նահար» օրաթերթի երկար տարիներու խմբագրապետ Ղասսան Թուէյնիի մահուան քառասունքին առիթով:

Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը, որ շեշտեց, թէ Ղասսան Թուէյնիի մահով Լիբանանի արդի պատմութեան մէկ կարեւոր բաժինը վերջ կը գտնէ:

Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ Ղասսան Թուէյնի իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարած է փտածութեան եւ բռնատիրութեան դէմ` աւելցնելով, որ Թուէյնի անհրաժեշտ նկատած է Լիբանանի եւ լիբանանցիին արժանապատուութեան եւ ազատութեան համար թափուած ջանքերը:

Share this Article
CATEGORIES