Հոլլանտին Ուղղուած Սպառնալի՞ք. «Թուրք-Ֆրանսական Յարաբերութիւններուն Մէջ Անցեալի Սխալներու Կրկնութենէն Ոչ Ոք Շահաւոր Դուրս Պիտի Գայ» Կ՛ըսէ Պաղըշ

Էկեմեն Պաղըշ

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կատարած յայտարարութենէն ետք դարձեալ շիկացած թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հրապարակած է յօդուած մը` Ֆրանսայի նախագահին յորդորելով չկրկնել նախորդ վարչակազմին այսպէս կոչուած «սխալները»:

Պաղըշ նշած է, որ Թուրքիա միշտ Ֆրանսայի մէջ տեսած է իր բարեկամը եւ բազմիցս համագործակցած է անոր հետ, սակայն Ֆրանսայի որոշ շրջանակներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծերու յառաջ քշումը «ստուերի տակ կ՛առնէ» այդ բարեկամութիւնը:

Ան յայտնած է, որ Թուրքիա ամէն քայլի կը ձեռնարկէ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւնները դրական մթնոլորտի մէջ պահելու համար, եւ լիայոյս է, որ այս առումով ջանքեր չի խնայեր նաեւ Ֆրանսան: Ան անգամ մը եւս յայտարարած է, որ Թուրքիա 1915-ի դէպքերուն ուսումնասիրութեան համար պատրաստ է Հայաստանի հետ միացեալ պատմաբաններու խորհուրդ ստեղծելու:

Ըստ անոր, Պաքու կը հասկնայ Ֆրանսայի կեցուածքը 1915-ի դէպքերուն նկատմամբ` հաշուի առնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ անոր համանախագահութիւնը եւ Ֆրանսայի մէջ բնակող հայկական բազմամարդ համայնքը:

Պաղըշ նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հոլլանտի իշխանութեան օրերուն թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները մտնեն նոր փուլ եւ անցեալի սխալները չկրկնուին: Հակառակ պարագային, ըստ թուրք նախարարին, «ոչ ոք ատկէ շահաւոր դուրս պիտի գայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES