ՀՅԴ-ն Հարսնաքարի Հարցը Հետապնդելու Այլընտրանքային Առաջարկ Ունի

Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ «Հարսնաքար»-ի գծով արտակարգ նիստի կայացման հրաւէր ուղղելու գաղափարը Հայ ազգային քոնկրեսի առաջարկն է:

Չորս խմբակցութիւնները հարցը քննարկած են, արտայայտած իրենց մտահոգութիւնները, մասնաւորաբար այն, որ ժամանակի առումով կարելի չէ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչել:

Ռուստամեան ընդգծած է, որ իրենք տեղեակ չեն եղած Հայ ազգային քոնկրեսի ասուլիսին մասին` աւելցնելով, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պէտք է յայտարարուէր նախաձեռնութեան մասին: «Ատիկա իրենց գործն էր», նշած է Ռուստամեան եւ աւելցուցած, որ ՀՅԴ-ն հանդէս եկած է այլընտրանքային առաջարկով մը, որուն համաձայն, պէտք է նախաձեռնել հոլովոյթի եւ զայն իրականացնել հանգրուան առ հանգրուան:

Ռուստամեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս հարցումներ կը պատրաստեն եւ զանոնք պիտի ուղղեն իրաւապահ մարմիններուն: Հարցաշարքի պատասխանը ստանալէ ետք խմբակցութիւնները կրկին պիտի հաւաքուին եւ ճշդեն յառաջիկային առնուելիք քայլերը: Ան դիտել տուած է, որ հիմնական հարցը այս դատին մէջ Ազգային ժողովի միջամտութիւնը ապահովելն է:

Ռուստամեան կ՛ընդունի, որ այս մէկը ժողովուրդի համբերութեան բաժակին աւելցած վերջին կաթիլն է: Ըստ անոր, արձանագրուած դէպքերուն լոյսին տակ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է այնպիսի մթնոլորտ, որ մէկ կողմէ անպատժելիութիւնը տիրական կը դարձնէ, իսկ միւս կողմէ անապահովութեան զգացում կը յառաջացնէ ժողովուրդին մօտ:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշած է, որ զուտ թեքնիք պատճառներով արտակարգ նիստի հրաւիրելու այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեան չի հասնիր` դիտել տալով, որ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ այս հոլովոյթին սկսիլ սեպտեմբերին:

 

Share this Article
CATEGORIES