Ճատրակ. Գաբրիէլ Սարգսեանի Բացառիկ Յաջողութիւնը` Յունաստանի Մէջ

Գաբրիէլ Սարգսեան

Armchess.am հայկական ճատրակի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ողիմպիականի ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեան բացառիկ յաջողութիւն մը ունեցած է Յունաստանի Ռեթիմնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:

Հայրենի վարպետը, արձանագրելով բացառիկ արդիւնք եւ առանց պարտութիւն կրելու, առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով տիրացած է տիտղոսին, այսպիսով առանձինը գրաւելով ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES