Լոնտոն-2012. Ուիլիըմզ. «Չինաստան Պիտի Շահի Թիւով Ամէնէն Շատ Ոսկի Մետալները»
Անգլիացի հետազօտող Էմիլի Ուիլիըմզ կատարած է կանխատեսութիւններ, թէ 2010-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերող երկիրները ի՛նչ պիտի յաջողին իրագործել եւ կամ որքա՛ն մետալներու պիտի տիրանան:
Իր լուրը քաղելով Իթար-Թասս լրատու գործակալութենէն, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ ըստ Ուիլիըմզի ենթադրութիւններուն ամէնէն բարձր մրցանակային դիրքին (ոսկի մետալի գծով) պիտի արժանանայ Չինաստան (48), երկրորդը` Միացեալ Նահանգներ (35), իսկ երրորդը` Անգլիա (25): Չորրորդը նկատի առնուած է Ռուսիա (21), իսկ հինգերորդը` Գերմանիա` (15):
Անոր այս ենթադրութիւնները կատարուած են փրոֆ. Էնտրու Պեռնարի յայտնի բանաձեւին հիման վրայ, որ թոյլ տուած է մեծ ճշդութեամբ կանխագուշակել Փեքինի Ողիմպիականի արդիւնքները:
«Պեռնարի բանաձեւը նախապէս ապացուցած է իր բարձր արդիւնաւէտութիւնը, եւ երբեք պատճառներ չկան կասկածելու անոր արդիւնքներուն վրայ», ըսած է Ուիլիըմզ:
Այս բանաձեւին մէջ նկատի առնուած են ոչ միայն մարզական կառոյցը եւ ողիմպիական խաղերուն մասնակցողներուն ցուցանիշները, այլ նաեւ տարբեր տեսակի կարեւոր տուեալներ, ինչպիսին են` երկրի բնակչութեան քանակը եւ ազգային տնտեսութեան զարգացման մակարդակը:

